2011-11-14 12:29:31

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երկուշաբթի 14 նոյեմբեր 2012-ի՝ յետ միջօրէին, Վատիկանի Ձայնասփիւռի Մարքոնիի անուան սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Ափրիկէի Կաթողիկեները>> խորագրով գիրքի ներկայացումը, ի տես Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 18-20 Պենին Կատարելիք առաքեալական ճամբորդութեան։

Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասը իր աշնանային լիանիստ ժողովը կը գումարէ Պալթիմորի մէջ 14-16 Նոյեմբեր։ Ժողովը պիտի գլխաւորէ Նիւ Եորքի Արքեպիսկոպոսը՝ Թիմոթի Տոլան որ վերջերս Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ ընտրուած է։ Նիստերուն կը մասնակցի նաեւ Ուաշինկթընի մօտ առաքելական դեսպան՝ Գերապայածառ Գարլօ Մարիա Վիակնոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.