2011-11-14 12:28:33

Պենետիկտոս Ժզ Սրբազան Քահանայապետը Պենին կ՛այցելէ 18 - 20 նոյեմբեր


Յառաջիկայ 18 - 20 նոյեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Պենին` Ափրիկէի եպիսկոպոսներուն յանձնելու Առաքելական Յորդորագիրը որ է 2009-ի Ափրիկեան ցամաքամասի ի նպաստ գումարուած սիւնհոդոսական աշխատանքներուն պտուղը ։
Պենետիկտոս ԺԶ.ի այս ճամբորդութիւնը միջազգային 22րդ ճամբորդութիւնն է, եւ երկրորդը՝ դէպի ափրիկեան ցամաքամաս, իսկ ափրիկեան երրորդ երկիրն է որովհետեւ 2009-ին՝ Արբազան Հայրը այցելած էր Գամերունը եւ Անկոլան։
Յատկանշական է նաեւ որ՝ ասիկա առաջին անգամն է որ՝ 84 ամեայ քահանայապետ մը եւրոպայէն դուրս, նման հեռաւոր երկիր մը ու երկար ճամբորդութիւն մը կը կատարէ ։ Երջանկայիշատակ ՅՊԲ, իր կեանքի վերջին տարիներուն շրջած էր միայն եւրոպական երկիրներ։
Պենետիկտոս ԺԶ. կ՛այցելէ Պենինը նաեւ երկրին աւետարանացումի 150 ամեակի առթիւ ու յատուկէն յարգանքի տուրք մատուցելու Պենինի զաւակ Կարտինալ Պերնարտան Կանթէնին որ Պենինի Եկեղեցւոյ հայրերէն մին նկատուած է։
Նշենք որ այդ օրերու՝ Աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչ երջանկայիշատակ Կարտինալ Աղաճանեանն էր որ` Կարտինալ Կանթէնը Հռոմ հրաւիրած էր ուր Յաւիտենական Քաղաքին մէջ պաշտօնավարած է 30 տարիներ ամբողջ, ղեկավարելով մասնաւորապէս եպիսկոպոսներու ժողովը։
Պենինի 8 միլիոն բնակչութեան մէկ երրորդը կաթողիկէ է։ Պենինի եկեղեցին ունի 10 եկեղեցական գաւառներ ուր կը գործեն 338 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ 801 հովուական կեդրոններ։
Թեմական կուսակրօն քահանաներու թիւը կը հասնի 811-ի։ Կրօնաւորներու թիւն է 127 իսկ կրօնաւորուհիներունը 1247։ Պենինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը կազմուած է 11 եպիսկոպոսներէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.