2011-11-14 12:33:33

''Հայաստան Քաղաքակրթութեան Դրոշմներ''Ցուցահանդէս։


Վենետիկի մէջ 1512 թուականին ծնունդ առած Հայկական տպագրութեան Ե. դարադարձին առթիւ, Վենետիկի Կորրեր Թանգարանը, Հնագիտական Ազգային Թանգարանը և Մարչանա Ազգային Գրադարանին հանդիսական դահլիճները պիտի հիւրընկալեն Հայ քաղաքակրթութեան նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը:
Հայաստանի և Իտալիոյ Հանրապետութիւններու նախագահներուն հովանու ներքոյ կատարուող Վենետիկեան այս ցուցահանդէսը, պաշտօնական նաւակատիքը պիտի կազմէ՝ յաջորդաբար Հայաստանի մէջ կայանալիք յոբելինական բոլոր հանդիսութիւններուն, գլխաւորութեամբ քաղաքամայր Երեւանի՝ զոր Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, Գիտութեան և Մշակոյթի Կազմակերպութիւնը (UNESCO) Գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք յայտարարած է 2012 թուականի տեւողութեամբ:

Ցուցահանդէսի նախաձեռնողներն են՝ Հայկական գրատպութեան 500-ամեակի Պետական յանձնաժողովը՝ նախագահութեամբ ՀՀ Նախագահին, ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութիւնը, Վենետիկի Քաղաքային Թանգարաններու Հիմնարկը, ՀՀ Հռոմի Դեսպանութիւնը, Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Վենետիկ քաղաքի և Վենետկեան Լճակի Եզրամասերու համայնքներուն Պատմական, գեղարուեստական և ազգագրամարդաբանական ժառանգութեան և Թանգարանային բեւեռին վերահսկող յատուկ Գերատեսչութիւնը և Մարչանա Ազգային Գրադարանը: Ցուցահանդէսին կազմակերպութիւնը յանձնուած է ՀՀ Մշակոյթի Նախարարութեան և Վենետիկի Քաղաքային Թանգարաններու Հիմնարկին համատեղ գործակցութեան:
Ցուցահանդէսի կարգաւորողներն են՝ Գաբրիելլա Ուլուհոճեան, Հ. Լեւոն Զէքիեան, Վարդան Կարապետեան, որոնց վստահուած է գործին գիտական ղեկավարութիւնը: Ցուցահանդէսի հիմնական առաջադրանքն է՝ ընծայել այցելուին ժամանակագրական ու բնանիւթային դասաւորումով համալրուած ուղեծիր մը: Պիտի ցուցադրուին՝ Հայաստանի ու Եւրոպայի թանգարաններէն ու գրադարաններէն ժամանած աւելի քան երկու հարիւր արուեստի գործեր, ընդ որս՝ հազուագիւտ ձեռագրեր ու մանրանկարներ – որոնցմէ ոմանք բացառապէս այս առթիւ իրար պիտի վերագտնեն –, առաջնորդելու համար այցելուն ճանչնալու և ըմբոշխնելու՝ հոգեւոր, գեղարուեստական, ճարտարապետական, տնտեսական և գիտամտաւորական ոլորտներուն մէջ Հայկական քաղաքակրթութեան բարձրագոյն նուաճումները:
Ցուցահանդէսի Կատալոգը, որ կը պատրաստուի միջազգային ճանաչում վայելող և առաւելաբար Իտալիոյ մէջ գործող հայագէտներու մասնակցութեամբ, պիտի հրատարակուի Սկիրա հրատակչութեան կողմէ:
*
Խաչքարեր, ժանեկանման քանդակներ, երփներփեան մանրանկարներ, սրբազան ճարտարապետութեան դրասանգներ ու ցոլքեր, ականակուռ մասնատուփեր, պահուած՝ դարերով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածնի Մայր Աթոռին մօտ, պիտի զուգակցին Հայոց հողի հնադարեան նուագին՝ որ պիտի թրթռայ ձայնական յատուկ սարքաւորումներու մէջէն, ուղեկցելու համար այցելուին՝ Քրիստոնէութեան արշալոյսէն սկսեալ Հայ միջնադարեան քաղաքակրթութեան բեղուն ու երկար ուղեւորութեան երկայնքին:
Ցուցահանդէսը մասնաւոր ուշադրութիւն պիտի դարձնէ Հայերու բազմադարեան ու ճոխ յարաբերութիւններուն ամենազան ժողովուրդներու և մշակոյթներու հետ՝ Եւրոպայէն մինչեւ Հեռաւոր Արեւելք: Յատկապէս լուսարձակի տակ պիտի դրուին, պատմական փաստաթուղթերու, ձեռագիրներու և արուեստի գործերու ընդմէջէն, Վենետիկի մէջ Հայոց ներկայութեան զարգացումներն ու սխրանքները, ինչպէս նաեւ իրենց նկատմամբ Վենետկեցիներու հայեացքը՝ Անդորրաւէտ Տէրութեան, Սերենիսսիմայի, քաղաքական, տնտեսական, գրական ու գեղարուեստական շրջածիրին մէջ:
Վերջին բաժնին մէջ, շնորհիւ մեծարժէք ձեռագիրներու ցուցադրութեան, լուսամուտեր պիտի բացուին Հայոց գիտութեան, աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան, պատմագրութեան և գրականութեան վրայ:
Առանձին բաժին մը պիտի յատկացուի՝ Հայ իրականութեան մէջ 1512 թուականէն սկսեալ տպագրութեան թափանցումին և զարգացումներու մասին: Այստեղ պիտի ցուցադրուին աշխարհատարած հայ գաղութներու կուռ և զգլխիչ ցանցոստայնին մէջ արտադրուած տպագրական լաւագոյն նմոյշները:
Պատշաճ լոյսի տակ պիտի դրուի Հայ-Վենետկեան տպագրութեան փառայեղ աւանդը, որ իր գագաթնակէտին հասած է շնորհիւ Մխիթարեան Հայրերու ջանադիր և լուսամիտ նուիրումին:
Հուսկ, այցելուները հնարաւորութիւնը պիտի ունենան որոնելու, ցուցասրահներէն դուրս, Վենետիկի մէջ սփռուած հայկական վայրերն ու յիշատակները, հետեւելով՝ կարգաւորողներուն կողմէ պատրաստուած մասնաւոր ուղեգիծերու, սկսեալ Ս. Ղազարու Մայրավանքէն, «Երազներու կղզի» վերանուանուած, ուր պիտի տեղափոխուի, Ցուցահանդէսի աւարտին, շարունակելու համար ցուցադրուիլ Վանքի թանգարանին մէջ, Ցուցահանդէսին Հայ-Վենետկեան փոխառնչութիւններուն յատկացուած բաժինը՝ մինչեւ 2012 թուականի ամառը:










All the contents on this site are copyrighted ©.