Հայ Վարպետի Պատրաստած Զգեստով ՝ Թուրքիոյ Նախագահը Ապտուլլահ Կիւլ Պիտի Այցելէ Անգլիոյ
Էլիզապէթ Երկրորդ Թագուհիին։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ իր տիկնոջ` Հայրիւնիսա Կիւլի հետ միասին Մեծն Պրիտանիոյ
Թագուհի Էլիզապէթ Երկրորդի հրաւէրով Նոյեմբեր 22-24 պիտի երթան Լոնտոն: Ըստ թրքական
“Ռատիքալ” օրաթերթին՝Ապտուլլահ Կիւլ Լոնտոնեան իր այս այցի առիթով՝ Պոլսահայ դերձակի
մը մօտ յատուկ զգեստ մը ապսպրած է: Անցեալ տարի Սթրազպուրկ կատարած այցին ժամանակ,
որուն ընթացքին Թուրքիոյ առաջին տիկինը Հայրիւնիւսա Կիւլ ելոյթով հանդէս եկած էր Եւրոպայի
Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին, կը կրէր Պոլսահայ հանրածանօթ ոսկերիչ Սեւան Պըչաքչըի
պատրաստած մատանին: Երբ լրագրողները հետաքրքրուած էին Հայրիւնիւսա Կիւլի հիասքանչ մատանիով,
Թուրքիոյ առաջին տիկինը հպարտութեամբ ըսած էր, որ զայն պատրաստած է Հայ վարպետ մը։ “Մեր
մօտ արհեստաւորները Հայերն են ու Յոյները : Ատիկա մեր բազմազանութիւնն է, եւ մեր
գեղեցկութիւնը... Աշխարհի մէջ չկայ մէկը, որ չճանչնայ Սեւանը: Յատկապէս արտասահմանեան
ուղեւորութիւններու ժամանակ,ես կը կրեմ այս մատանին”,(ըսած էր Հայրունիսա Կիւլ) :