2011-11-12 11:54:28

Փաքիստանի Ինդուները Եւ Քրիստոնեաները Միացած՝ Մահմետականներու Բռնութիւններուն Դէմ։


Հայտրապատի ինտու եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները միատեղ հացադուլ կը կատարէ բողոքելու մահմետականներու բռնութիւններուն դէմ, որոնք վերջերս չորս ինտու բժիշկներ սպաննած են, Շաք քաղաքին մէջ։ Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն եպիսկոպոսական յանձնախումբը դատապարտած է մահմետականներու բիրտ եւ անողորմ արարքը յայտնելով որ որպէս քրիստոնեաներ մենք կը զօրակցինք ինտու համայնքին ու անոնց կը յայտնենք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.