2011-11-12 11:49:40

Խազախիստանի Կառավարութիւնը Մտադիր Է Պաշտօնապէս Գրանցել Կրօնական Բոլոր Հասարակութիւնները։


Ինթերֆաքս մամլոյ գործակալութիւնը յայտնած է որ Խազախիստանի Կրօնական հարցերու պատասխանատու` տիար Մուքաշէեւ յայտնած է որ Խազախիստանի կառավարութիւնը մտադիր է ճանչնալ եւ գրանցել իր հողին վրայ գտնուող կրօնական բոլոր հասարակութիւնները։ Անցեալ հոկտեմբերին ան որդեգրած է նոր օրէնք մը, որով կը ճանչնայ կրօններու բոլոր գործունէութիւններն ու մարմինները։
2011-ի Յունուարի՝ վիճակագրութեան մը համաձայն, Խազախիստանին մէջ կան 4.479 կրօնական հասարակութիւններ, որոնցմէ 2.756 մահմետական են, 1.256ը` բողոքական, 303ը` օրթոտոքս, 87ը` կաթողիկէ , 27ը` հրեայ եւ 5ը պուտտայական։








All the contents on this site are copyrighted ©.