2011-11-12 12:12:32

Աստուծոյ Ծառայ Գարլ Լամբէրդ՝ Խորաններու Պատւոյն։


Այսօր Երանելի հռչակուեցաւ Գարլ Լամբէրդ քահանան որ Նացիական Զինուորական Ատեանի կողմէ մահուան կը դատապարտուէր,ու կը սպաննուէր 13 Նոյեմբեր 1944ին՝ արտասանելով Յիսուսի ու Մարիամի անունները։ ։
Ան ծնած էր 1896ին Վորալպերկ (Աւստրիա)։ Լիկէոնի ուսման աւարտին կ՝արձանագրուի Պրեսսանոնի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէն ,եւ 1918ին քահանայ կը ձեռնադրուի Պրեսսանոնէյի մէջ։ 1935ին Հռոմի մէջ կատարած Եկեղեցական Կանոնագիտութեան դասընթացքի աւարտին կ՝անուանուի տնօրէն՝ ֆելտքիրշ-ի Առաքելական Վարչութեան Եկեղեցական Ատեանին։ Իսկ 1939ին կը դառնայ Ինսպրուքի Աթոիռակալի օգնականը։ Գարլ Լամբերդ դէմ ելած է Նացիական ազգային ընկերվարական քաղաքականութեան, հարցեր ունենալով Ինսպրուք Մարզի Նացիական Վարչակազմի հետ։
Ան ձերբակալուած է բազմաթիւ անգամներ տարուելով Տախաուի եւ Սախսէնհաուզէն-ի կեդրոնացման ճամբարները։ 1941ին ազատ արձակուելով կը հաստատուի Ըսթէթթինօ շարունակելով սակայն իր քննադատութիւնները Նացիական Վարչակարգի նկատմամբ,առանց գիտակցելու թէ իր բոլոր գործունէութիւնները,բարեկամութիւնները եւ նոյնիսկ հեռաձայնները Կէսթափոյի հսկողութեան ներքեւ կը գտնուէին ։
Այսպէս Հայր Լամբէրթ դարձեալ կը ձերբակալուի 1943ի Փետրուարին,Կէսթափոն ոչ միայն զինք կ՝ամբաստանէ Հրեաներու պաշտպանութեամբը, այլ կ՝ամբաստանէ նաեւ լրտեսութեամբ։
Նացիական Զինուորական Ատեանը Լամբերթ քահանան մահուան դատապարտեց 8 Սեպտեմբեր 1944ին, իսկ մահապատիժը գործադրուեցաւ 1944ի՝ 13 Նոյեմբերին։ Երանելի Գարլ Լամբերթ մեռաւ արտասանելով Յիսուսի ու Մարիամի անունները։








All the contents on this site are copyrighted ©.