2011-11-12 11:56:55

՜՜Համացանցի Օգտագործումը Հայ Մշակոյթի Մարզին Մէջ՝՝ Նիւթով Դասախօսութիւն։


Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնի «Հ. Սեդրակեան» սրահին մէջ,կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան Լիբանանի Տեղական վարչութեան, ուրբաթ, 11 նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ համացանցի աշխարհին մէջ հայկական ներկայութեան ու դերակատարութեան մասին դասախօսական երեկոյ մը, որուն հիւրերն էին Արծիւ Տէր Խաչատուրեան եւ Մինաս Հանսքէհեան:
Արամ Սէփեթճեան ողջունեց ներկաները ապա խօսք առաւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ անդրադարձաւ ներկայ դարուս կեանքի անբաժանելի մասնիկներն ու անհրաժեշտութիւնները հանդիսացող համացանցին եւ համակարգիչին` լուսարձակի տակ առնելով համացանցի ստեղծման պատճառները, պայմանները, նպատակը, զարգացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ համակարգիչներու արդիականացման ընդհանուր պատկերը: Ան ըսաւ, որ այս աշխարհին մաս կազմեց նաեւ հայութիւնը, այդ պատճառով ալ կարիք զգացուեցաւ համապատասխան գիրերու եւ ծրագիրներու ստեղծման` աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ արդէն կան հայերէնի համապատասխան գիրեր ու ծրագիրներ, որոնց օգտագործումով կարելի է դիւրութեամբ մտնել այս աշխարհին մէջ: Խօսեցաւ արդիական սարքերուն մասին եւ անհրաժեշտ նկատեց դպրոցներուն մէջ համակարգիչի դասապահերուն աշակերտներուն մօտ արմատացնել հայերէնով զրուցելու, հայկականին մօտ մնալու սկզբունքները` կոչ ուղղելով քաջալերելու նոր սերունդին պահպանելու մայրենին եւ ազգային արժէքները:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Մինաս Հանսքէհեան, որ ներկաները ծանօթացուց համացանցի հայկական աշխարհին, ուր կան գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթը, բառարանը, թարգմանիչը, սրբագրիչը եւ այլն: Ան հաստատեց, որ այսօր արդէն իսկ կարելի է համացանցի աշխարհին մէջ շատ հանգիստ կերպով հայերէն գրել` հասանելի եւ մատչելի ըլլալով բոլորին. անդրադարձաւ համացանցի այն կայքէջերուն, որոնք հայկական ամէնէն աշխուժ եւ օգտաշատ տեղեկութիւններն ու կարելիութիւնները կը փոխանցեն ներկայ դրութեամբ` այդ կայքէջերուն ցանկը նաեւ տրամադրելի դարձնելով ներկաներուն: Նկատի առնուած էին բառարան, ստեղնաշար, թարգմանիչ պարփակող կայքէջերը, նաեւ պատկերասփիւռի կայաններուն, Հայ դատին, կրօնական, պետական ու մշակութային, տեղեկատուական, ձայնասփիւռի կայաններու, գրականութեան եւ գեղարուեստի նուիրուած կայքէջեր: Ան խօսեցաւ նաեւ հայկական դաստիարակչական, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ ներկայացնող «Տի.Վի.Տի.»ներու մասին: Հանսքէհեան խօսքը աւարտեց նշելով որ այս բոլորին լաւածանօթ ըլլալով բոլորս պէտք է կարենանք հարստացնել զանոնք, նաեւ լաւագոյն կերպով օգտուիլ անոնցմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.