2011-11-11 13:29:01

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ուրբաթ 11 նոյեմբեր 2011ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Լատերանեան համալսարանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ կատարուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին <<Աստուծոյ Խօսքը>> յորդորագիրի ներկայացումը։ Յորդորագիրը 2008-ին գումարուած <<Աստուծոյ Խօսքը եկեղեցւոյ կեանքին ու անոր առաքելութեան մէջ>> խորագրով` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի արդիւնքն է։
Ներկայացումը կատարեց Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին։ Հաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Գերպայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ Արքեպիսկոպոսը, որ վերոյիշեալ Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարն է, ինչպէս նաեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լատերանեան Համալսարանի Րէկտոր գերապայծառ Էնրիքօ դալ Գովոլոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.