2011-11-11 13:27:06

Սրբազան Քահանայպետին Պատգամը Էգուատորի Ընտանիքի Նուիրուած Ազգային Երկրորդ Համագումարին։
<<Ընտանիքը անհատական իրողութիւն մը չէ>>


Էգուատորի մէջ 12 նոյեմբերին նշուած Ընտանիքի Ազգային Երկրորդ Համագումարի առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է որուն մէջ հաստատած է թէ <<Ընտանիքը որ պտուղն է այր ու կնոջ միջեւ սիրոյ դաշինքի մը՝ անհատական իրողութիւն մը չէ>>։
Նորին Սրբութիւնը ապա աւելցուցած է որ ընտանիքը <<սքանչելի եւ վճռական ծառայութիւն կը մատուցէ համայն ընկերութեան, բարիքին ու եկեղեցւոյ առաքելութեան ի նպաստ։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշած թէ՝ անգործութիւնը ու գործի անկայունութիւնը դէմ են մարդկային արժանապատութեան ու ասոնց հետեւանքով է որ կը տիրէ աղքատութիւնը եւ անարդարութիւնը եւ որոնք մարդիկը կը մատնեն յուսահատութեան ու պատճառ կը դառնան ոճիրներու եւ բռնութիւններու ինչպէս նաեւ անձնականութեան տագնապներու։
Սրբազան Հայրը ուստի կը յորդորէ լուծում գտնել , ու սատարել գործ հայթայթելու որը ըլլայ ՜՜արժանավայել, կայուն եւ լաւ վարձատրուած՝ նաեւ ատակ ըլլայ սրբացնելու մարդը եւ սատարելու ընկերութեան զարգացումին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.