2011-11-11 13:26:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ընդունեց "Cor Unum" Մէկ Սիրտ' քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան անդամները։


Ուրբաթ 11 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Նորին Սրբութիւնը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց, գերապայծառ ֆերնանտօ ֆիլոնին՝ Կառավարիչը Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ։ Ապա ժամը 11.30-ին, ունկնդրութիւն շնորհեց Կարտինալ Վելազիո Տէ Բաօլիսի՝ երբեմնի Կառավարիչը Սուրբ Աթոռի տնտեսութեան նախարարութեան ։ Հուսկ ժամը 12ին Գլեմենդինա Սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ ունկնդրութիւն շնորհեց Գոր ՈՒնում - Մէկ Սիրտ - քահանայապետական բարեգործական մարմնի ժողովի մասնակիցներուն (թիւով 150 հոգի)։
անոնց ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Գոր Ունում մարդասիրական հաստատութեան ժողովի մասնակիցներուն հետ իր այս հանդիպումին համար, Եւրոպայի կամաւորներու տարուան հռչակումի առթիւ։ Ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վերոյիշեալ մարմնի նախագահ՝ Կարտինալ Րոպեր Սարային ու Կաթողիկէ բոլոր կամաւորներուն որոնք առատաձեռնութեամբ կը սատարեն եկեղեցւոյ, բարեգործական առաքեալութեան յաջողութեան համար։ Այս դժուար եւ անապահով ժամանակներուն - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ձեր բարի գործունէութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ։ Քրիստոնեաներուն համար, կամաւոր նուիրումը կը հիմնուի Քրիստոսի հետ ունեցած անձնական փորձառութեան վրայ։ Քրիստոս եղաւ առաջինը՝ որ մարդկութեան ծառայեց մինչեւ իր կեանքը նուիրելով ամէնուն բարիքին համար։ Քրիստոսի շնորհքը կ՛օգնէ մեզի, յայտնաբերելու զօրակցութեան մարդկային իղձը եւ սիրոյ հիմնական կոչումը։ Մենք կը դառնանք Աստուծոյ սիրոյն տեսանելի գործիքները։ Դժբախտաբար Կաթողիկէ կամաւորական գործիչները չեն կրնար հոգալ բոլորին կարիքները աշխարհի մէջ, բայց պէտք չէ յուսահատիլ։ Նոյնիսկ ամենափոքր աշխատանքը որ կը տանինք նշանն է Քրիստոսի ներկայութեան եւ անոր սիրոյն։ Քաղաքական իշխանութիւններուն կ՛իյնայ գնահատել ձեր այս գործունէութիւնը ու ձեր տուած օժանդակութիւնը ընկերութեան` դարձնելով զայն աւելի մարդկային` ձգտելով իսկական խաղաղութեան եւ արդարութեան ու ուրիշներու հանդէպ զօրակցութեան։
Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը քաջալերեց երիտասարդները վերագտնելու կամաւորական եւ անձնուիրումի աշխարհը։ Օգնենք զանոնք լսելու Քրիստոսի կոչը , հասկցնելով որ մեր սիրտը լեցուն է սիրով։ Մեր անձնուիրումով է որ լիութեամբ կ՝ապրինք մեր կեանքը ։ Այս զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ եւ կը խնդրեմ Աստուծմէ որ օգնէ ձեզ ձեր գործունէութեան ընթացքին ու զանոնք դարձնէ պտղաբեր Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհի բարիքին համար։ Ձեզի կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.