2011-11-11 13:30:41

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նամակը Ուղղուած ԱՄՆի Արտաքին Գործոց Նախարարին, Թուրքիոյ Հայապատկան Կալուածներու Գծով։


Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութենէն վերադարձին, Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Հիլարի Քլինթընին, մէկ կողմէ գնահատելով կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած հողերու վերադարձին գծով Միացեալ Նահանգներու յիշեցումը Թուրքիոյ պետութեան, իսկ միւս կողմէ յիշեցնելով թէ հայ ժողովուրդին կապուած ազգապատկան ու եկեղեցապատկան բազմաթիւ կալուածներ գոյութիւն ունին Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ, եւ հայ ժողովուրը կը մնայ պահանջատէր այդ ուղղութեամբ:
Նամակին մէջ, Արամ Ա. վեր առաւ այն բոլոր իրագործումները, որոնք կատարուած են ամերիկահայ գաղութէն ներս վերջին տարիներու ընթացքին՝ համայնքային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Ապա ողջունեց նախարարուհի՝ Գլինթընի՝ 14 Սեպտեմբեր 2011 թուակիր նամակը, որով ան կը վերահաստատէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց առնչութեամբ, միաժամանակ կառավարութեան ՙյանձնառութիւնը՝ թրքական իշխանութիւններուն հետ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ հետապնդելու Թուրքիոյ կողմէ նախօրօք բռնագրաւուած կրօնական փոքրամասնութիւններու ինչքերուն վերադարձի հարցը՚: Առանց սակայն մոռնալու այդ հողամասին մէջ,իրաւունքները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, որ բռնի կերպով արմատախիլ եղած է իր դարաւոր նստավայրէն, կը մնայ օրինական սեփականատէրը եւ հոգեւոր իշխանութիւնը Թուրքիոյ տարածքին հայկական հողամասերու վրայ գտնուող բազմաթիւ եկեղեցիներու, վանքերու, հիւանդանոցներու, բուժ-կեդրոններու, դպրոցներու, որբանոցներու, յուշակոթողներու, գերեզմանատուներու եւ այլ հոգեւոր կեդրոններուն ու կալուածներուն:
Արդարեւ, (կը կարդանք Արամ Ա.ի նամակին մէջ) Թուրքիոյ մէջ զանգուածային ջարդերու ողբերգական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ կրօնական կեդրոններու բռնագրաւումն ու սրբապղծութիւնը փաստագրուած են կառավարութիւններու, եկեղեցիներու եւ ակադեմական կեդրոններու կողմէ՝ աշխարհի բոլոր տարածքին, ներառեալ, կը հաւատանք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հսկայածաւալ արխիւներուն մէջ՝՝:
Վեհափառը նամակին մէջ կը յիշէ նաեւ՝ ՜՜Թուրքիոյ Վարչապետ Րեճէպ Թայիփ Էրտողանի յղած իր 31 Օգոստոս 2011 թուակիր նամակը, յորում անոր նկատողութեան կը յանձնէր թէ Թուրքիոյ կառավարութեան 26 Օգոստոս 2011-ի՝ կրօնական փոքրամասնութիւններու բռնագրաւուած կալուածները իրենց սեփականատէրերուն վերադարձնելու որոշումը, կը ներկայացնէ սոսկ ջնջին, եւ ցարդ չիրականացուած, քայլ մը դէպի արդարութիւն առաջնորդող:








All the contents on this site are copyrighted ©.