2011-11-10 13:40:19

Սրբազան Քահանայապետը Մօտ Օրէն Պիտի Ընդունի Եւրոմիութեան Խորդուրդի Նախագահը ։


Յառաջիկայ 12 նոյեմբերի առաւօտեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն կը շնորհէ Եւրոմիութեան Խորդուրդի Նախագահ Տիար Հերման Վան Րոմբուի։ Նորին Սրբութիւնը, վերջերս, արդէն ունկնդրութիւն շնորհած էր Եւրոմիութեան խորհրդարանի ու յանձնախումբի նախագահներուն եւ ասիկա առաջին անգամն է որ եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահը հանդիպում կ՝ ունենայ Սրբազան Հօր հետ։ Հաւանական է որ Տիար Հերման Վան Րոմբոյը առիթէն օգտուի Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելու Պրիւքսել կամ Սդրազպուրկ։
Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումէն առաջ, եւրոխորհուրդի նախագահը Գրիգորեան Համալսարանի մէջ պիտի մասնակցի զեկոյցի մը, եւ իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ Իտալացի քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ Նախագահ Ճորճո Նաբոլէթանոյի եւ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնէի հետ։
Եւրոխորդուրդի նախագահին այցելութեան նախօրեակին՝ եւրոմիութեան մարդասիրական օժանդակութեան եւ տագնապներու համադրումի միջազգային համագործակցութեան պատասխանատու՝ պուլկարացի Տիկ Քրիսդալինա Ճորճէվան հադիպում պիտի ունենայ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.