2011-11-10 13:40:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը Ուղղուած Իսրայէլի Կրօններու Խորհուրդի Պատուիրակութեան


Հինգշաբթի 10 նոյեմբեր 2011, առաւօտեան ժամը 11ին՝ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիպիսկոս` Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին։ Ժամը 11.20-ին՝ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարտինալ Րայմունտօ Տամաշէնօ Ասսիսի ու անոր ընկերացող վերոյիշեալ համահաւաք դասի փոխ նախագահ` գերապայծառ Խօսէ Պէլիսարիօ Դա Սիլվայի ու ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Լէօնարտօ Ուրլիխ Սթէինըրի հետ։
Հուսկ ժամը 11.45-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Հայրը, Քահանայապետներու սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց <<Իսրայէլի կրօններու խորհուրդի>> անդամներուն թիւով 27, գլխաւորութեամբ՝ Իսրայէլի Աւագ Րաբունապետ Եոնաէ Մեծկերի, Երուսաղէմի Լատիններու Պտարիարք՝ ֆուատ Թուալի, Իսրայէլի Իմամներու աւագ իմամ Մոհամմատ Գիուանի եւ Տիւրզի հասարակութեան պետ՝ Մուաֆաք Թարիֆի։
Նշենք որ Կրօնապետերու Պատուիրակութիւնը Սրբազան Քահանայապետի հետ ունեցած ունկնդրութենէն ետք հանդիպում կ՝ունենայ նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրիի հետ, ու Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Գիւրտ Գոխի հետ։


Սրբազան Քահանայապետին Խօսքը։


<<Իսրայէլի կրօններու խորհուրդի>> պատուիրակութեան ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ իր խնդակցութիւնը յայտնեց այս հանդիպման առթիւ ու ապա անդրադարձաւ միջկրօնական յարաբերութիւններու կարեւորութեան։
Այս տագնապալից օրերուն - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը շատ կարեւոր է։ Զիրար հասկնալով եւ զիրար յարգելով, իրարու հանդէպ մեր ունեցած վստահութիւնը եւ բարեկամութիւնը կը զարգանայ։Այնպէս ինչպէս ակնարկած էի Ասսիզի Քաղաքի մէջ գումարուած միջկրօնական հաւաքի ընթացքին այսօր կը գտնուինք բռնութեան երկու տարբերակներու դիմաց, մէկ կողմէն՝ Աստուծոյ անունով բռնութեան ներդրումը եւ միւս կողմէն՝ բռնութեան հետեւանքը, որ զԱստուած ուրանալու կը տանի։ Այս իրողութիւններու դիմաց, որպէս Կրօնապետեր կանչուած ենք հաստատելու թէ ՜՜մարդուն Աստուծոյ հետ ունեցած կապը խաղաղութեան հիմը ու զօրքն է՝՝։ Արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը, սիրոյ եւ ազատութեան հետ միասին, հիմնական իրողութիւններ են, աշխարհի մէջ իսկական խաղաղութեան հաստատումի համար։ Ապա, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 2009ին՝ Երուսաղէմ կատարած իր ճամբորդութեան ու Լացի Պատի դիմաց իր արտասանած աղօթքին , որուն մէջ Ան խնդրած էր խաղաղութեան հաստատումը եւ կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը, մանաւանդ՝ Երուսաղէմի համար, որ <<խաղաղութեան քաղաք>> է ։
Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց բաղձալով որ Աստուած լսէ ամէն մարդու աղօթքը ու խաղաղութիւն պարգեւէ Սուրբ Երկրին ու համայն աշխարհին, ապա ներկաներուն վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.