2011-11-10 13:47:14

Հալէպի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ, Երախաներու Մկրտութեան Ուխտի Վերանորոգման Արարողութիւն Եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Սրբապատկերին Օծումը ։


Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս Հալէպի Ս. Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, նախաձեռնութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ գերյարգելի Հ Յովսէփ Ծ Վրդ. Պէզէզեանի, 15 տարի առաջ մկրտուող երախաներու մկրտութեան ուխտի վերանորոգման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, որուն յաջորդեց Հայոճ եկեղեցւոյ աջ պատին վրայ զետեղուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին սրբանկարին օծման արարողութիւնը (սրբանկարը գործն է երիտասարդ գեղանկարիչ Քարամ Արթինին) ։
Կիրակի 6 նոյեմբիրին (2011) առաւօտեան ժամը 10-ին սկիզբ առաւ հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագը Ս Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ զոր մատոյց սոյն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ գերյարգելի Հ Յովսէփ Ծ Վրդ. Պէզէզեան, արարողութեանց նախագահեց Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան, որ այս առթիւ նաեւ քարոզ մը արտասանեց որուն մէջ նախ անդրադարձաւ մկրտութեան խորհուրդի իմաստին, հայու կեանքին մէջ որը կը վկայէ հաւատքը որպէս առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ. ապա ներկայացուց Ս Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վարքը եւ ըսաւ. ՜՜Ներսէս Շնորհալի հայրապետը ծնած է Կիլիկեան Հայաստանի մերձակայքը գտնուող Ծովք անուան ամրոցը 1102-ին, Բերդատէր իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի ընտանիքին մէջ։ Ան իր երեց եղբօր ետ ուսում ստացաւ Շուղրի Սեւ լերան կարմիր վանքի եւ Հռոմկլայի մէջ (Կիլիկիոյ մայրաքաղաք) եւ միշտ Հռոմկլայի մէջ ապրած ու ստեղծագործած է ուրկէ ստացած է ՜՜Կլայեցի՝՝ անունը եւս։
Եղած է Գրիգոր Մագիստրոսի աղջկան թոռը, մեծ հօրմէն ժառանգած է քաղաքական գործիչի եւ գրողի ձիրքը՝՝։
Գերապայծառ Տէրը նաեւ շեշտը դրաւ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին յօրինած հիազքանչ մատենագրական աշխատասիրութիւններու փայլուն օրինակներուն եւ ըսաւ. ՜՜ 1166 թուին՝ Շնորհալին իր եղբօր՝ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսին կողմէ հայրապետական օծում կը ստանայ որպէս կաթողիկոսական տեղապահ ու անոր վախճանումէն ետք՝ կը ստանձնէ հայրապետական գահը որպէս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը որպէս կաթողիկոս ծառայեց մինչեւ իր մահը՝ 1173 թուականը։
Ան յօրինած է բազմաթիւ շարականներ, աղօթքներ, տաղեր, մեղեդիներ, հայրապետական թուղթեր, նամակներ, դաւանաբանական գրութիւններ եւ առակներ։
Իր հիասքանչ շարականներէն են. ՜՜Առաւօտ Լուսոյ, Խորհուրդ Խորին, Նորահրաշ պսակաւոր, Հաւատով Խոստովանիմ եւ այլ կարեւոր գործեր։ Շնորհիւ Ներսէս Շնորհալիին՜՜Շարական՝՝ հասկացողութիւնը մուտք գործեց հայ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ. ըսաւ արհիապատիւ արքեպիսկոպոսը մէջբերելով՜՜Սէր անուն Յիսուս, Սիրով քով ճմեալ, Սիրտ իմ քարեղէն՝՝ շարական աղօթքը ու եզրափակեց խօսքը։
Ապա տեղի ունեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի սրբապատկերին օծման արարողութիւնը, (որ ինչպէս ըսինք զետեղուած է եկեղեցւոյ աջ պատին վրայ)։
Յաւարտ Ս. պատարագին հաւատացեալները Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Դահլիճին մէջ շնորհաւորեցին մկրտութեան ուխտը վերանորոգող երեխաները ( որոնք նաեւ Գերապայծառ Տիրոջմէն ստացան յուշանուէրներ) շնորհաւորեցին նաեւ երախաներուն ծնողները, Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեանը եւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ գերյարգելի Հ. Յովսէփ Ծ Վրդ Պէզէզեանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.