2011-11-10 13:41:27

Կաթողիկէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Հաւաքը ՜՜Նոր Աւետարանութիւնը՝՝ Նիւթին Մասին` Համայնավարութեան Փլուզումէն 20 Տարի Ետք ։
՜՜Աշխարհականացումի Գրաւը՝՝։


Ռումանիոյ Օրատէյա քաղաքին մէջ 3-6 նոյեմբեր, տեղի ունեցաւ կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիներու 14-րդ հանդիպումը, որուն խորհրդածութեան նիւթը եղաւ նոր աւետարանութիւնը։ Աւելի քան 70 մասնակցողներ, եպիսկոպոս թէ մասնագէտ, իրենց խորհրդածութիւնը կեդրոնացուցին հետեւեալ նիւթին վրայ. ՜՜Աւետարանի քարոզութիւնը ներկայ ընկերամշակութային իրավիճակին մէջ՝՝ ։ Իրենց հանդիպումին տեղեկագիրը պիտի ուղարկուի Հռոմի եպիսկոպոսներու քարտուղարութեան, ի պատրաստութիւն եպիսկոպոսներու ընդհանուր սիւնհոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկան 7-28 հոկտեմբեր 2012ին։ Կաթողիկէ արեւելեան եկեղեցիներու 14-րդ Ժողովին մասնակցեցան Ռումանիոյ լատին եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները։
Բացման իր զեկոյցին մէջ կարտինալ Էրտօ` նախագահը Եւրոպայի եպիսկոպոսներու խորհուրդին, ընդգծեց որ նոր աւետարանութիւնը բարեպատեհ առիթ մըն է բոլոր հաւատացեալներուն, ամրապնդուելու՝ հաւատքին մէջ, եւ հիմնելու՝ քրիստոնեայ նոր հասարակութիւններ Քրիստոսով զօրացած ։
Իր կարգին Ռումանիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը` գերապայծառ Միւրեզան՝ աւագ արքեպիսկոպոսը ֆակարաս եւ Ալպա Լուլիայ թեմին, ըսաւ որ համայնավարութեան փլուզումէն ետք, եկեղեցին կը գտնուի մշտատեւ յեղաշրջող ընկերութեան մը մէջ, ուր աշխարհականացումի, գաղթականութեան եւ յարաբերականութեան հետեւանքով եկեղեցական պատկանելիութեան ու ապրումին եղանակները ամէն օր կը փոխուին ինչպէս նաեւ Աւետարանի քարոզութեան հաղորդումը։ Ապա ան ընդգծեց թէ Ռումանիոյ մէջ, միայն յոյն կաթողիկէ եկեղեցին կարող է ինքզինք ՜՜նահատակ եկեղեցի՝՝ կոչել։
Ռումանիոյ կառավարութեան կրօնական հարցերու քարտուղարը՝ տիար Լեմենի ողջունած է այս հանդիպումին նախաձեռնութիւնը, քաջալերելով եպիսկոպոսները որ շարունակեն պաշտպանը հանդիսանալ քրիստոնէական արժէքներուն։
Յայտնենք որ 14-րդ հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ հետեւեալ նիւթերու մասին. ՜՜Նոր աւետարանութիւնը եւ արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներ,
Զարգացնել զօրակցութեան եւ առատաձեռնութեան վկայութիւնները,
Գեղարուեստը կարող պէտք է ըլլայ փոխանցելու հաւատքը, կեանը եւ սէրը,
Պայքար մղել անկանոն դրամագլուխի աւերիչ հետեւանքներուն դէմ, եւ
Գործնական աստուածամերժութեան տարածումը ամէն տեղ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.