2011-11-10 12:47:52

Լրագրողներ ու Փրկարարներ Վանի Փլատակներուն Տակ .


Վանի մէջ այս գիշեր (տեղական ժամով՝ ժամը 21.23ին) տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով երկու տասնեակէ աւելի շինութիւններուն հետ մէկտեղ փուլ եկած են «Պայրամ» եւ «Ասլան» պանդոկները , որոնք լեփ լեցուն էին թուրք եւ օտար լրագրողներով,թրքական կարմիր մահիկի պաշտօնեաներով եւ օտարազգի փրկարարներով ։Երէկ գիշերուայ երկրաշարժը Ռիխթէրի աստիճանաչափի վրայ 5,6 ուժգնութեամբ , 3 աստիճան ուժգնութեամբ՝ զգացուցած է նաեւ Հայաստանի մէջ։
Առայժմ ոչինչ չի հաղորդուիր պանդոկներու մէջ գտնուող օտարներու եւ լրագրողներու ճակատագրի մասին, որոնք Թուրքիա ժամանած էին աղետի գօտիի հետեւանքները լուսաբանելու նպատակով: Աղէտի գօտիին մէջ օգնութեան խմբակներու աշխատանքները կը շարունակուին:
Վանի մէջ Հոկտեմբեր 23ին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանք զոհուած են 604 հոգի , վիրաւորուած` աւելի քան 4000 հոգի: Այդ առթիւ փլատակներուն տակէն դուրս բերուած էին ողջ մնացած 188 անձեր եւ քանդուած էին աւելի քան 2000 շինութիւններ:








All the contents on this site are copyrighted ©.