2011-11-09 13:18:17

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Շնորհաւորական Ուղերձը Զմմառու Միաբանութեան Նոր Մեծաւոր՝ Գերյարգելի Գաբրիէլ Թ Ծ Վրդ. Մուրատեանին, եւ Պատուոյ Գիրը Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի Նախագահ՝ Տիար Միշէլ Ժանժէին։


Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը՝ տիկ. Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորական նամակ յղած է Զմմառու Պատրիարքական միաբանութեան նոր պատրիարքական փոխանորդ գերյ. Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանին, վանքի մեծաւոր եւ միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ ընտրուելուն առթիւ։
Նախարար Յակոբեան նամակին մէջ կը յայտնէ որ գերյ. Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան իր հոգեւոր ու ազգային ծառայութեամբ եւ ազնիւ նուիրումով կը շարունակէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ հայապահպանման ու համազգային նոր ծրագրերու իրականացման, ի սպաս հայ ժողովուրդի միասնութեան եւ հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման։
Այս առթիւ ուրախութեամբ կը յայտնենք որ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Միշէլ Ժանժէն ստացաւ Պատուոյ գիրը Հ Հ Սփիւռքի նախարարին կողմէ որուն մէջ հայրենի նախարարուհին կը պարգեւատրէ Տիար Ժանժէն ՜՜Իտալիոյ հայ համայնքին մէջ հայանպաստ ակտիւ գործունէութիւն ծաւալելու, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման եւ ամրապնդման նպաստելու համար, ինչպէս նաեւ Հ Հ անկախութեան 20-ամեայ տարեդարձին առթիւ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.