2011-11-09 13:18:26

Հայ Ժողովուրդի Մեծ Բարեկամ Նանսէնի Արձանը՝ Աբովեան-Մոսկովեան Խաչմերուկին Վրայ։


Անուանի բեւեռախոյզ, գիտնական,եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ֆրիտէոֆ Նանսէնի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած ձեռնարկները ամփոփուեցան այսօր Նոյեմբեր 9ին: Տօնական հանդիսութիւնները սկիզբ առին առաւօտեան, երբ Աբովեան-Մոսկովեան փողոցներու անկիւնը տեղադրուեցաւ մեծ մարդասէրի յուշարձանը,ի ներկայութեան նաեւ Նորվեկիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Եոնաս Կահր Շթէորէ-ի:
Այնուհետեւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմիական թատրոնի նախասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ լուսանկարներու եւ գիրքերու ցուցահանդէսին , որ հնարաւորութիւն պիտի տայ այցելուներուն ծանօթնալու հազարաւոր հայերու կեանք փրկած եւ “հայ” բառը շուրթերուն՝ կեանքէ հեռացած խաղաղութեան դեսպանի կենսագրութեան մանրամասնութիւններու մասին: Իսկ երեկոյան տեղի պիտի ունենայ տօնական համերգ մը , որուն ընթացքին պիտի հնչեն Հայ եւ Նորվեկացի երգահաններու ստեղծագործութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.