2011-11-09 13:17:04

Կաթողիկէ Կամաւորներու Հանդիպումը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Հետ, Նոյեմբերին։


''Մէկ Սիրտ'' Վատիկանի քահանայապետական բարեսիրական մարմնի նախաձեռնութեամբ՝ Հռոմի մէջ կը կազմակերպուի կաթողիկէ կամաւորներու գիտաժողովը, 10 -11 նոյեմբեր։ Հանդիպումին մասնակցող աւելի քան 150 հոգիները երկու օրերուն ընթացքին հաշուեյարդարը պիտի կատարեն իրենց գործունէութեան եւ միաժամանակ պիտի սահմանեն ապագայի իրենց գործունէութիւնը։ Ժողովին աւարտին, 11 նոյեմբերին, մասնակցողները նախ պատարագի ներկայ պիտի ըլլան Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, ապա հանդիպում պիտի ունենան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետին հետ։ Յայտնենք որ 11 նոյեմբերը, տօնն է սուրբ Մարթինոյի, ճանչցուած՝ ՜՜եղբայրսիրութեան ՝՝ խորհրդանիշը ։ Սրբազան Քահանայապետը ''Աստուած սէր է'' շրջաբերական թուղթին մէջ կը մատնանշէ սուրբ Մարթինօ` եպիսկոպոսը ֆրանսայի Թուր թեմին, որպէս եղբայրօգնութեան օրինակ, հանդէպ բոլոր աղքատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.