2011-11-09 13:17:24

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Նոյեմբեր Ամսուայ Ընթացքին Առողջապահութեան Մասին Խորհրդածութեան Օրեր Առաջարկած է։


Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը առաջարկած է նոյեմբեր ամսուայ ընթացքին, յիսնակաց շրջանի նախօրեակին` խորհրդածութիւններու օրեր յատկացնել առողջապահութեան եւ բուժումի վերաբերեալ։
Առաջարկուած նիւթերն են. անհաւասարութիւնը եւ անարդարութիւնը մարդոց միջեւ, մայրերու առողջութեան կարեւորութիւնը, առողջապահութիւն եւ սեռ, աղքատութիւն եւ առողջապահութիւն։
Այս խորհրդածութիւնները պատրաստութիւն մըն են հանդիպում ունենալու մարդացեալ Աստուծոյ հետ եւ առիթ մը՝ վերակենդանացնելու եկեղեցական հասարակութիւնը ուսումնասիրելով Աստուածաշունչի այն հատուածները որ կը վերաբերին առողջութեան, աշխարհի ծառայութեան քրիստոնէական կոչումի հեռանկարով։








All the contents on this site are copyrighted ©.