2011-11-08 11:57:06

ֆրանսայի Եպիսկոպոսները Շնորհաւորած Են Իսլամներու Իտ Էլ Ատհա-ի՝ Տօնը.
''Միասին Գործենք Աշխարհի Խաղաղութեան Համար''


ֆրանսայի եկեղեցին իր լաւագոյն մաղթանքները յայտնած է իսլամ հասարակութեան Իտ էլ Ատհա` զոհի տօնին առթիւ։ Այս տօնը վերակոչումն է Աբբրահամ նահապետի Զոհին զոր ան մատոյց Աստուծոյ։ Իրենց ուղղած պատգամին մէջ ֆրանսայի եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն որ 27 հոկտեմբերին, ֆրանսայի զանազան քաղաքներուն մէջ, միասնաբար գտնուեցան զանազան կրօններու ներկայացուցիչներու հետ, աղօթելու աշխարհի համար։ Ասիկա հաւատացեալներուն համար մեծ նշան մըն է, աշխատելու ի սպաս խաղաղութեան ու արդարութեան, մինչ ուրիշներ կը պաշտպանեն դատը բռնութեան ու պատերազմի։








All the contents on this site are copyrighted ©.