2011-11-08 11:59:05

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանին Տօնը (344/54-407 թթ.)


Երեքշաբթի 8 Նոյեմբեր 2011, տօն՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի։
Ան ընդհանրական եկեղեցւոյ տասներկու վարդապետներէն մէկն է: Ծնած է Անտիոքի մէջ, ազնուական ընտանիքի մէջ, ազգութեամբ՝ ասորի: Մանուկ հասակին կորսնցուցած է իր հայրը, ու մօր բարի խնամքին շնորհիւ ստացեր է լաւ կրթութիւն՝ ուսանելով ժամանակի հռչակաւոր հռետոր եւ ճարտասան՝ Լիբանիոսի մօտ:
380 թուականին Մելիտոս եպիսկոպոսի թախանձագին հարկադրանքով սարկաւագ կը ձեռնադրուի: 386 թուականին Մելիտոսին յաջորդած Փլաբիանոս հայրապետը զայն քահանայ կը ձեռնադրէ: 397 թուականին կը վախճանի Կոստանդնուպոլսոյ Նեկտարիոս պատրիարքը, Արկադիոս կայսրը, տեղեակ ըլլալով սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի համբաւի մասին, կը պատուիրէ, որպէսզի զայն անմիջապէս, անաղմուկ բերեն Կոստանդնուպոլիս՝ պատրիարք ձեռնադրելու: 398 թուականին տեղի կ’ունենայ անոր ձեռնադրութիւնը:
Իր հօտին նուիրուած հովիւը ոչ միայն քաղցրութեամբ կը խրատէր, այլ երբեմն՝ յանդիմանութեամբ, այդ էր պատճառը, որ շուտով անուանի հայրապետը շատ հակառակորդներ կ’ունենայ: Այդ հակառակորդներու շարքին մէջ էր նաեւ Եւդոքսիա թագուհին, որ կը յանդիմանուէր հայրապետի կողմէ արքունական յոռի բարքերու պատճառով: Իր թշնամիներու սադրանքով 403 թուականին ան կ’աքսորուի, սակայն վախնալով ժողովուրդի ցասումէն և այդ օրերուն տեղի ունեցած երկրաշարժէն՝ արքունիքը ետ կը բերէ հայրապետը: 404 թուականին Ս. Յովհան Ոսկեբերանը դարձեալ կ’աքսորուի Կիլիկիոյ Կոկիսոն քաղաքը, աւելի ուշ՝ Բիւզանդիա:
Չդիմանալով ճանապարհի դժուարութիւններուն՝ 407 թուականին կը մահանայ: Անոր արտասանած վերջին բառերն են. «Փա՛ռք քեզ, Աստուա՛ծ, փա՛ռք քեզ, ամէն ինչի համար փա՛ռք քեզ»: 438թ. սուրբի մարմինը մեծ հանդիսաւորութեամբ կը բերուի եւ կ’ամփոփուի Կ. Պոլսոյ Ս. Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ:
Ընդհանրական եկեղեցւոյ այս անխոնջ մշակի ոսկեբերան խօսքերը դարեր շարունակ առաջնորդեր և կրթեր են բազում եկեղեցական սերունդներ: Անոր խօսքերէն կատարուած մէջբերումներու կը հանդիպինք ամենուրէք: Ան յայտնի է իր Աստուածաշունչ մատեանի գիրքերու մեկնութիւններով: Բազմատեսակ է անոր մատենագրական վաստակը` մեկնութիւններ, ճառեր, ներբողներ, թուղթեր և այլն, որոնք իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցած են քրիստոնէական մտքի պատմութեան վրայ: Անոր գործերը հայերէնի թարգմանուած են, արդէն իսկ իր կենդանութեան օրերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.