2011-11-08 11:55:04

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը ֆրանսայի Եպիսկոպոսներուն, Որոնք Լուրտի Տիրամօր Սրբավայրին Մէջ Գումարած Են Իրենց Աշնանային Նիստը։


Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կը խօսի թեմերէն ներս ''հոգեւոր կեանքի վերանորոգումին մասին'' ։ Ապա Նորին Սրբութիւնը կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը ճգնաւորական կեանքի աշխուժացումին, ընկերութեան մը մէջ, ուր կը տիրապետէ աշխարհականացումը ու կրօնական անտարբերութիւնը եւ միաժամանակ զգալի է հոգեւորի ծարաւը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ որ ''հաւատքի տարին'' որ սկիզբ պիտի առնէ 11 հոկտեմբեր 2012ին արժանաւորապէս կատարուի եւ առիթ տայ, բոլոր անոնց որոնք կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսին, ամրապնդուին հաւատքին մէջ ու ամուր կառչին Անոր, թէ' իրենց բարի օրինակով եւ թէ' քարոզութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.