2011-11-08 13:55:37

Մինչեւ Տարեվերջ Նախատեսուած է Մահմուտ Ահմէտինեճադի Հայաստան Այցելութիւնը։


Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ կան իրականացուող եւ հեռահար նպատակներ` փոխադրամիջոցի եւ ուժանիւթի բնագաւառներէն ներս: Այս մասին ԻԻՀ ԱԳ նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ հանդիպման յաջորդած համատեղ ասուլիսին ըսաւ ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան: Ալի Աքպար Սալեհի առաջին անգամն է, որ կ'այցելէ Հայաստան, եւ, ըստ Էդուարդ Նալպանտեանի, այցը լաւ հնարաւորութիւն է շարունակելու երկխօսութիւնը:
Նախարարները մի քանի հանդիպում ունեցած են այս տարուան ընթացքին, եւ այսօր լաւ հնարաւորութիւն է անգամ մը եւս անդրադառնալու երկկողմ օրակարգի, տարածաշրջանային, միջազգային հարցերուն:
Իրանի ԱԳ նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է սիրելի եղբօր` Նալպանտեանին եւ ըսած որ լաւ յիշողութիւններով կը մեկնի Հայաստանէն:
ԻԻՀ ԱԳ նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ հանդիպման յաջորդած համատեղ ասուլիսին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան յայտնեց որ մինչեւ տարեվերջ նախատեսուած է Իրանի Նախագահ Մահմուտ Ահմէտինեճադի Հայաստան այցելութիւնը եւ Սալեհիի այցի ընթացքին քննարկուած են Նախագահի յառաջիկայ Հայաստան այցելութեան նախապատրաստական հարցերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.