2011-11-08 13:55:49

Հայաստան կայցելէ Նորվեկիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը։


Նոյեմբեր 8-10 Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով Հայաստան կ՝այցելէ Նորվեկիոյ Թագաւորութեան ԱԳ նախարար Եոնաս Կահր Շդէորէ:
Այցելութեան ընթացքին Նորվեկիոյ ԱԳ նախարարը պիտի ընդունին՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. :
Երեւանի մէջ Նորվեկիոյ ԱԳ նախարար Եոնաս Կահր Շդէորէ հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ, դասախօսութիւն մը պիտի տայ Երեւանի Պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշահամալիր:
Նորվեկիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի Հայաստան կատարելիք պաշտօնական այցի ծիրէն ներս՝ Նորվեկիոյ եւ Հայաստանի ԱԳ նախարարները պիտի մասնակցին “ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղուած փոքր ջրա-ելեկտրակայանի կայուն զարգացման նորվեկիա-հայկական համագործակցութեան ծրագիր”ի մեկնարկին, եւ հայազգի մեծ բարեկամ Ֆրիտէոֆ Նանսէնի Յուշարձանի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրիտէոֆ Նանսէնի 150ամեակին նուիրուած Համերգին:








All the contents on this site are copyrighted ©.