2011-11-08 11:57:53

Կարտինալ Թոռանի Հանդիպումը Հնդկաստանի Մահմետականներուն Հետ։


Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ կարտինալ Ժան Լուի Թոռան, 4-12 նոյեմբեր, այցելութիւն կը կատարէ Հնդկաստան, եւ այդ առթիւ ան, բացի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ՝ ինտու, սիխ եւ մահմետականններու ներկայացուցիչներուն հետ, խօսելու համար կրօնական հանդրժողութեան կարեւորութեան, աշխարհի խաղաղութեան ու արդարութեան համար։

ԱՄՆի Տալլաս Քաղաքին Մէջ Չինացի Քրիստոնեայ Բանտարկեալներու Ս. Գիրքը Ցուցադրուած Է։
Տաժանելի աշխատանքներու դատապարուած՝ չինացի քրիստոնեայ բանտարկեալներու ձեռքով գրուած Ս. Գիրքէն մասերը, պիտի ցուցադրուին Տալլասի Ժորժ Պուշ անուան հաստատութեան մէջ։ Յայտնութեան գիրքի ձեռագիրը նուիրուած է ԱՄՆի երբեմնի նախագահ՝ Ժորժ Պուշին։ Քրիստոնեայ բանտարկեալներու կողմէ պատրաստուած՝ Ս. Գիրքի ձեռագիրը, որ պահանջած է 10 տարուայ աշխատանք, զայն կատարած են տաժանելի աշխատանքի դատապարտուած՝ աւելի քան 20 չինացիներ, անոնք բանտարկուած են, եկեղեցի յաճախելու յանցանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.