2011-11-08 12:33:43

2001-ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ՝ Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ։
Հայ Մանուկի Արժէքը Եւ Կիրակնօրեայ Օճախները։


Մանուկները ժողովուրդի մը ապագան են։ Հայ մանուկներն ալ՝ հայ ժողովուրդի
ապագան են։
Հետեւաբար, պատասխանատու դաստիարակութեամբ զանոնք պէտք է
կրթել։ Այսինքն՝ կրթել այնպէս՝ որ հայ մանուկները աճին երկնային ազատութիւնը
շնչելով, զարգանան՝ սորվելով տեսնել բարին, գեղեցիկը եւ ազնիւը։

Հայ համայնքը իր կրթական հաստատութիւններէն Կիրակնօրեան հիմնելով՝
պատասխանատու դաստիարակութեան կարեւոր քայլ մը առած էր։ Հարիւրաւոր
մանուկներ այնտեղ Հայ Եկեղեցւոյ ոգիին մէջ աճեցան ու կ'աճին։ Այն ոգին ուղեղի
լուացում չուզեր, այլ կը պահանջէ յարգել անհատին զարգացումը՝ իբր քաղաքացի
Աստուծոյ արքայութեան։ Հայ Եկեղեցին Աստուծոյ արքայութեան մէկ համեստ նահանգն
Է,եւ զայն շէնցնելու պարտքը ունինք իւրաքանչիւրս։
Սփիւռքի հայութիւնը իր ապագան շէնցնելու համար՝ ստիպողութեան առջեւ է նոր
սերունդին քայլերը ի շարս այլ կենսական կառոյցներու, նաեւ դէպի Հայ Եկեղեցի
առաջնորդելու։
Կիրակնօրեան այդ նպատակին ծառայող ճամբայ է։ Հայ մանուկը թող
չօտարանայ Հայ Եկեղեցիէն, որովհետեւ անիկա մեր ինքնութեան անցեալն ու ներկան է։
Հայ Եկեղեցիէն օտարացած սերունդը՝ օտարացած պիտի ըլլայ նոյն ատեն իր ինքնութեան
անցեալէն ու ներկայէն։
Ի սրտէ կը գնահատենք Կիրակնօրեայ Կեդրոններու պատասխանատուները, նաեւ ծնողները՝ որոնք պարտականութեան խոր գիտակցութեամբ իրենց զաւակները Յիսուսաբոյր կիրակնօրեայ օճախներ կը տանին ։
Իսկ աշակերտ-աշակերտուհիներուն կը վստահեցնենք, որ Կիրակնօրեայէն իրենց սորվածները՝ իրենց ապագային մէջ լուսատու գեղեցիկ ջահեր պիտի ըլլան։








All the contents on this site are copyrighted ©.