2011-11-07 13:10:45

Խորհրդակցական Նիստ Նոր Աւետարանացումի Եւ Միջկրօնական Երկխօսութեան Մասին


4 նոյեմբերին լոյս տեսած հաղորդագրութեան մը համաձայն, անցեալ 27 եւ 28 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի բարձրագոյն քարտուղարութեան յատուկ խորհուրդը ժողով մը գումարած է Վատիկանի մէջ զրոյց ունենալով ՜՜Նոր Աւետարանութեան եւ միջկրօնական երկխօսութեան՝՝ նիւթերու շուրջ։ Ժողովի մասնակցողները ցաւ յայտնած են, ի տես շատ մը պետութիւններու սխալ ըմբռնումներով միջամտութեան, միջկրօնական եւ միջեկեղեցական ասպարէզներէն ներս։ Անոնք նկատել տուած են թէ մինչ մէկ կողմէն Պետութիւնը ինքզինք ՚աշխարհիկ՚ կը յայտարարէ, միւս կողմէն, կաթողիկէ եկեղեցին կը նկատէ որպէս ոեւէ ուրիշ կրօնք առանց նկատի առնելու անոր դերը պատմութեան ընթացքին ու մանաւանդ երկրի իքնութեան կազմաւորումի ասպարէզէն ներս։ Այսպէսով միտում կայ տեսնելու <<կրօնքը>> որպէս գործիք մը քաղաքականութեան ձեռքերուն մէջ ։
Ժողովականները շօշափած են նաեւ գաղթականութեան եւ աղքատութեան հարցերը։ Յաջորդ ժողովը նախատեսուած է, յառաջիկայ 20 եւ 21 նոյեմբերին։
Նշենք որ այս օրերուն Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսները իրենց հնգամեայ կանոնական այցեութիւնները կը կատարեն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.