2011-11-06 10:07:20

Հայոց Մեծ Եղեռնի 100 ամեակին Ընդառաջ՝ Համախմբուած Երաժիշտներուն «Այլեւս Երբեք» Համերգաշարը Մեկնարկած է ։


Լոս Անճելըսի “Կիպսըն” Համերգասրահին մէջ Նոյեմբեր 1ին մեկնարկած է “Never again”` ընդդէմ ցեղասպանութիւններու, յանուն խաղաղութեան համերգաշարը:
Հայոց Մեծ Եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ համախմբուած են համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժիշտներ, որպէսզի աշխարհին յիշեցնեն Հայոց Եղեռնի մասին, եւ խաղաղութիւն քարոզեն: Այս մասին հաղորդեց “Շանթ” հեռուստատեսութեան “Հորիզոն” լրատուականը:
“Ուզում ենք, որ այլեւս չկրկնուի”,- նշած է համերգաշարի նախաձեռնող երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեան:
“Ժամանակին թուրքերու կողմէ իրականացուած պատմական իրողութեան պէտք է մարդասիրական գնահատակ տալ”,- ըսած է երգչուհի Ալեքսիա Վալիսիուն:
“Փաստ է, որ հիմա ալ մարդկութեան հանդէպ տեղի կ’ունենան նման յանցանքներ, հայերու ցեղասպանութեան վրայ ուշադրութիւն սեւեռելով` կ’ուզենք սթափեցնելմարդկութիւնը”,- ըսած է երգիչ Էրիք Պենեթ:
“Երաժշտութեան դերը մեծ-մեծ է նման պարագաներու: Այսպէս շատ բան կրնաս ըսել, շատ բաներու մասին` բարձրաձայնելէ: Շատ լսած եմ, երբ փողոցը մարդիկ երգած են իմ ու Ֆլորայի վաւերագրական ժապաւէնի երգը”,- ըսած է յայտնի հեղինակ Մայքլ Ըսթոն(եղբայրը Շերոն Ըսթոնի)։
Իսկ Երաժիշտ` երգիչ, երգահան, դաշնակահար Սթիւի Ուոնտըր նշած է. “Այստեղ ես եկած եմ` իբրեւ խաղաղութեան դեսպան, որեւէ ազգութիւն չեմ ներկայացներ: Ես Սթիւի Ուոնտըր անհատն եմ: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին պայքարած եմ մարդկութեան խաղաղութեան համար, յանուն սիրոյ”:
Համերգը եզրափակուած է Սթիւի Ուոնտըրի կողմէ ստեղծուած եւ հովանաւորուող մանկական մեծ երգչախումբի կատարումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.