2011-11-06 10:07:49

Դիւանագիտական Նկատառումները Պէտք Չէ Մեզ Խանգարեն՝ Ճանչնալու Այլ Ժողովուրդի Մը Ապրած Ողբերգութիւնը Կ՝ըսէ Իսրայէլի Խորհրդարանի Խօսնակը ։


Իսրայէլի խորհրդարանի (Քնեսեթ) խօսնակ Ռէուվըն Ռիւլին առջի օր յայտարարած է, որ փափաք ունի Քնեսեթի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած լիագումար նիստ մը գումարել : «Որպէս հրեայ եւ որպէս իսրայէլցի իմ պարտականութիւնս է ճանչնալ այլ ժողովուրդներու ողբերգութիւնները» (Asbarez.com կայքի հաղորդմամբ) ըսած է Ռիւլին:
Իսրայէլի խորհրդարանի խօսնակը աւելցուցած է, որ որքան ալ դիւանագիտական նկատառումները կարեւոր ըլլան, անոնք «պէտք չէ մեզ խանգարեն ճանչնալու մէկ այլ ժողովուրդի ապրած ողբերգութիւնը»(ըսած է ան) :
Նշենք, որ Իսրայէլ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Կայքը կ'ընդգծէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը այս տարուան Մայիսի կիսունն Քնեսեթի կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողով ներկայացուեցաւ «Մերեց» կուսակցութեան կողմէ, որուն աջակցած էր նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Բենեամին Նեթանեահուի գլխաւորած «Լիգուդ» կուսակցութիւնը) եւ Ապրիլ 24-ը Իսրայէլի մէջ իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր (բանաձեւը ներկայացուցած էր Քնիսեթի անդամ Առիէ էլտատ, ան կը նախատեսէ նաեւ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով դասընթացներ իրականացնել Իսրայէլի դպրոցներու մէջ) հռչակելու վերաբերեալ բանաձեւերու քննարկումները Իսրայէլի խորհրդարանի մէջ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.