Հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախկին առաջին տիկին Մոնա Էլիաս Հըրաուիի ու ներկայութեամբ
երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ հայ թէ ընդհանրապէս լիբանանցի բազմաթիւ արուեստասէրներու,
հինգշաբթի, 3 նոյեմբերի երեկոյեան բացումը կատարուեցաւ քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի
գործերու ցուցահանդէսին: Ձեռնարկը կազմակերպած հաստատութեան` «Այտիազ Ֆաքթըր»ի հիմնադիր
տնօրէն Մարք Տիքընսըն ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ցուցահանդէսը:
Լիբանանի
նախկին առաջին Տիկին Մոնա Հըրաուի խօսք առնելով դրուատեց քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանը
իբրեւ մարդ ու արուեստագէտ` վեր առնելով անոր գործերուն ներշնչած պատգամը: Քանդակագործ
Ռաֆֆի Թոքաթլեան ծնած է արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ: Անոր մեծ հայրը Աբրահամ Թոքաթլեան
նոյնպէս արուեստագէտ, մազապուրծ ճողոպրած է 1915-ի Ցեղասպանութենէն: Թոքաթլեան մեծապէս
ազդուած է մեծ հօր եւ հօր` Պօղոս Թոքաթլեանի ապրած դառն յիշատակներէն: Ցեղասպանութեան
յուզախառն յուշերը ներշնչումի խոր պահերով տոգորած են զինք: Րաֆֆի Թոքաթլեանի քանդակի
գլուխ-գործոցներու ցուցահանդէս-մակագրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 6 նոյեմբեր: