2011-11-05 13:07:18

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Քահանայապետական Համալսարաններու Ակատեմական Տարեշրջանի Գործունէութիւններու Սկիզբի Առթիւ Ժամասացութիւն։


Շաբաթ 5 նոյեմբեր 2011 առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԲԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ Կարտինալ Մարք Ուելլէն։ Հուսկ Ժամը 11.30 ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց Համահաւաք դասէն շարք մը եպիսկոպոսներու որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ ուրբաթ 4 նոյեմբերի երեկոյեան Քահանայապետական Համալսարաններու Ակատեմական տարեշրջանի գործունէութիւններու սկիզբի առթիւ` Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ Քահանայապետական Համալսարաններու անձնակազմին ու աշակերտութեան։
Իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ քահանայութեան նուիրումի կարեւորութեան վրայ: Քահանայ ըլլալ կը նշանակէ ներդաշնակութեամբ ապրիլ Քրիստոսի հետ - ըսաւ Սրբազան Պապը - ու ըլլալ ծառաներ ապրելակերպի վկայութեամբ։
Աստուծոյ կոչը շնորհք մըն է ոչ թէ անձնական ծրագիրի մը իրականացման նպատակով այլ հպատակելու Աստուծոյ կամքին նոյնիսկ եթէ մեր ձգտումներուն չի համապատասխաներ ան։
Սրբազան հայրը ապա յիշելով օրուան Սուրբ Գարլօ Պորրոմէոն` նորնծաներու պաշտպան սուրբը` յոյս յայտնեց որ կոչումները վերածնուդի շրջան մը ապրին մեկնելով լաւ կազմաւորումէն ։
Պենետիկտոս ԺԶ թելադրեց թէ երբէք պէտք չենք մոռնալ թէ Հովիւի մը իսկական ձգտումը յաջողութիւնն ու փառքը չէ այլ միմիայն խաչը։Ու ապա հաստատեց թէ քահանայի մը առաքելութիւնը աւետարանի քարոզութեան մէջ կը կայանայ եւ Էմմաուսի աշակերտներու նման ունենալով այն բաղձանքը Յիսուսի հետ մնալու ։
Կարեւոր է - եզրափակեց- Նորին Սրբութիւնը- որ կեանքի ընթացքին հետապնդենք ոչ թէ մեր ծրագիրները այս Աստուծոյ ծրագիրը եւ այս ուղղութեամբ հարկ է լրջօրէն ու յանձնառու ուսումնասիրութիւններով պատրաստուինք Աստուծոյ ժողովուրդին ծառայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.