2011-11-05 13:08:20

Հնդկաստանին Մէջ Զետեղուած Է Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Առաջին Արձանը։


Հնդկաստանին Պենկալոր թեմը առաջինը եղաւ որ իր հողին վրայ բարձրացուց երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին արձանը։
Պրոնզէ արձանը` պատրաստուած Պանքոկի մէջ, 2,06 մեթր բարձրութիւն ունի եւ կը կշռէ 375 քիլօ։ Օրհնութեան արարողութիւնը գլխաւորեց Պենկալորի առաջնորդը, ներկայութեամբ 13 եպիսկոպոսներու եւ Հնդկաստանի առաքելական դեսպան` գերապայծառ Բեննագիոյի։ Իր արտասանած քարոզին մէջ առաքելական դեսպանը յոյս յայտնեց որ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ շուտով սրբադասուի։ Ան յիշեցուց որ Քահանայապետը երկու անգամ այցելած է Հնդկաստանը 1986ին եւ 1999-ին։ Վերակոչելով երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի նշանաւոր խօսքը ''մի վախնաք''ը, դեսպանը քաջալերեց Հնդկաստանը եւ անոր բնակչութիւնը որ չվախնան ընդունելու Քրիստոսը իրենց կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.