2011-11-05 13:09:26

Հայաստանի Շրջափակման Պատճառով՝ Քոնկրեսականները Ուաշինկթընին Կոչ Կ’ուղղեն ՝՝Զէնք Չվաճառել Թուրքիոյ՝՝ ։


Ամերիկացի խումբ մը օրէնսդիրներ Ամերիկեան Քոնկրէս ներկայացուցած են բանաձեւ մը , որուն միջոցով կոչ կ’ուղղեն Ուաշինկթընին՝ դադրեցնել զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն թրքական լրատուամիջոցները, քոնկրէսականներ Հոուըրտ Պերմանի, Նիդա Լոուէյի, Էլիոթ Էնճըլի, Պրետ Շերմանի, Սթիւ Իսրայէլի, Շելլի Պըրքլիի եւ Ատամ Շիֆի կողմէ ներկայացուած թիւ 83 բանաձեւին մէջ Պարաք Օպամայի վարչակազմին կոչ կ’ուղղուի կասեցնել Թուրքիոյ 11 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ սպառազինութիւն վաճառելու գործարքը:
Քոնկրէսականները` իբրեւ իրենց կոչը հիմնաւորող փաստարկ, նշած են Թուրքիոյ կողմէ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներ համարուող Իսրայէլի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի նկատմամբ ցուցաբերուող բացասական վերաբերմունքին առնչութեամբ ունեցած լուրջ մտահոգութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.