2011-11-04 12:47:40

Ռատիօ Վատիկանի Հիմնադրութեան 80ամեակի Առթիւ՝ Ճանչնանք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։
Ռատիօ Վատիկանի Երաժշտական Յայտագիրները։


12 Փետրուար 1931ին սկիզբ կ՝առնէր Ռատիօ Վատիկանի , Հռոմի Պապի Ձայնասփիւռի ռատիօհաղորդումները Ռատիօ պատգամով մը որ կը կարդար նոյնինքն Պիոս ԺԱ Սրբազան Քահանայապետը իր քով ունենալով Ձայնասփիւռի Իտալացի գիւտարար Կուլիէլմօ Մարքոնին ։
1950ական թուականներուն է որ սկիզբ կ՝առնէին Ռատիօ Վատիկանի երաժշտական յայտագիրները ,Մաէսթրօ Ալպէրիքօ Վիթալինիի պատասխանատուութեան ներքեւ,որպէս գործակից ունենալով Մաէսթրօ Թարանթինօն եւ Առնալտօ Մօրէլլին, եւ թէ 1975ին է որ, այս ծրագրաւորումին կ՝ընկերակցէր ՝՝Studio A՝՝ երաժշտական յայտագիրը (Իտալիոյ մէջ շատ ճանչցուած ու գնահատուած) խմբագրական մարմինով մը ։ Յայտագիրը կը ձայնասփռուէր ՝՝Stereo՝՝ ըլլալով ,որ տեղի կուտար ժամանակի Ձայնասփիւռային երաժշտական ունկնդրումի որակի մէջ մեծ յեղափոխութեան մը։
Ռատիօ Վատիկանի ձայնապնակներու հաւաքածոն ունի աւելի քան 30հազար խտացեալ սկաւարակներ(CD ) ստորաբաժանուած երաժշտական գլխաւոր տեսակներու՝ Սրբազան,Դասական(ըլլայ Սենեկային ըլլայ Սիմֆոնիք) ապա Օփերա,Թեթեւ երաժշտութիւն,Ճազ եւ այլ երաժշտութիւններ եւս....
Միւս կողմէ Ռատիօ Վատիկանի Երաժշտական Յայտագիրները ունին նաեւ կարելիութիւնը օգտագործելու այն բոլոր արձանագրութիւնները տարիներու երկայնքին որոնք տեղի ունեցան Վերափոխման Դահլիճին մէջ(Sala Assunta/Palazzina Leone XIII) ապա Վատիկանեան Պարտէզներուն մէջ, Վատիկանի Նէրվի անուան մեծ սրահին մէջ կայացած նուագախումբերու ելոյթներու,համերգներու արձանագրութիւնները,ու նաեւ Հռոմի շրջանի Գասթէլ Կանտոլֆոյի Պապական ամարանոցը կայացած Նուագահանդէսները ,նոյնպէս Հռոմի ամենակարեւոր պատմական Տաճարներու մէջ սարքուած համերգներու արձանագրութիւնները։
Իսկ վերջին շրջանին նոր նախաձեռնութեամբ մը սկիզբ առած է երիտասարդական աշխարհին ուղղուած յայտագիրներ ,որու կը մասնակցին տաղանդաւոր երիտասարդներ երաժշտական մարզէն ներս, որոնք տակաւին աշակերտներ են, բայց ապագայ կը խոստանան եւ արդ էն անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ՝՝Երաժշտանոցներու Համերգը ՝՝ անունով Ռատիօհաղորդումներու շարքին,որ ձայնասփռուեցաւ Վատիկանի Ռատիոկայանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.