2011-11-04 12:16:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Փղոսկրեայ Ափի Սուրբ Աթոռի Մօտ Նոր Դեսպանի Հաւատարմագրերու Ներկայացում։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 4 նոյեմբեր 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Տիար Ժոզէֆ Թէպահ-Գլան, Փղոսկրեայ Ափի Սուրբ Աթոռի մօտ նոր անուանուած դեսպանը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։

Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ, նոյեմբերէն 4էն սկսեալ ու մինչեւ 10 դեկտեմբեր, Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական դասի անդամները Հռոմ` պիտի ժամանեն հանդիպում ունենալու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Այս առաւօտ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց 13 եպիսկոպոսներ։

Յետ միջօրէի ժամը 17.30-ին Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը մասնակցութեամբ Քահանայապետական Համալսարաններու անձնակազմին ու աշակերտութեան , Ակատեմական տարեշրջանի գործունէութիւններու սկիզբի առթիւ։


Սրբազան Քահանայապետի Խօսքը Փղոսկրեայ Ափի Նոր Դեսպանին։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Փղոսկրեայ Ափի նոր դեսպանի հաւատարմագրերը անոր ուղղած իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալ եղաւ նոր դեսպանին սիրալիր ողջոյնի խօսքերուն համար ու ապա իր մօտիկութիւնը յայտնեց Փղոսկրեայ Ափի բնակչութեան ու խաղաղութեան Իշխանէն յայցելով որ առաջնորդէ բոլոր այն ջանքերը որ խաղաղութեան հաստատումի ճանապարհով կ'ընթանան որպէսզի Փղոսկրեայ Ափի բնակիչները կարիլիութիւնը ունենան ապրելու արժանավայել`խաղաղ եւ ուրախ կեանք մը - ըսաւ Նորին սրբութիւնը - ու ապա շեշտը դրաւ Փղոսկրեայ Ափի մէջ վերջին անցուդարձերուն եւ խռովութիւններուն որոնք մարդկային զոհերու ու մարդու իրաւունքի դրժումի պատճառ դարձան։ Արբազան Հայրը ողջունեց Երկխօսութիւն - Ճշմարտութիւն - Հաշտութիւն յանձնախումբի ստեղծումը ու քաջալերեց Փղոսկրեայ Ափի իշխանութիւնները ձեռնարկելու արդարութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ միջոցառումներ ու ճշմարտութեան ճանապարհով հաստատելու` հաշտութեան եւ համակեցութեան ներդաշնակութիւն ։
Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ Կրօնի ազատութեան մասին մէջբերելով իր հրատարակած առաջին շրջաբերական թուղթի այն հատուածը ուր գրուած է << Պետութիւնը չի կրնար կրօնքը ուժով բանեցնել՜ այլ դիմելով ազատութիւն գաղափարականին ան պետք է զանազան կրօններու պատկանող հաւատացեալներու միջեւ խաղաղութեան ու համերաշխութեան զգացումներ հաստատէ։ Իր կողմանէ եկեղեցին նաեւ որպէս քրիտոնէական հաւատքի հասարակական արտայայտութիւն ունի իր ազատութիւնը եւ իր հաւատքի վրայ հիմնուելով կ'ապրի իր ընկերային կեանքը ու կը սատարէ երկրի վերակարուցման ջանքերուն։
Հուսկ Սրբազան Հայրը իր բարի մաղթանքները յայտնեց նոր դեսպանին խնդրելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու յայցելով Տիրոջ Օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.