2011-11-04 12:09:23

Ուրբաթ 4 Նոյեմբեր 2011, Տօնն է Երանելի Տէր Կոմիտաս Քահանային։


Երանելի Կոմիտաս Քէօմիւրճեան քահանան ծնած էր 1656-ին, Պոլիս։ Իր Հայրը եւս քահանայ էր Տէր Մարտիրոս քահանան։
Ամուսնացած էր Հուսի անունով կեսարացի բարեպաշտ կնոջ մը հետ եւ ունէր երկու մանչ զաւակ եւ երեք աղջիկ։
Մանկութենէն ցոյց կու տար ուշիմութիւն եւ ուսմանց յարմարութիւն։ Ունէր գեղեցիկ ձայն եւ անոր համար ժողովուրդէն սիրուած դպիրներէն մէկն էր։ Այնթապցի Մինաս վարդապետին աշակերտելով ան ուսաւ քերականութիւն, ճարտասանութիւն եւ աստուածաբանութիւն։
1683-ին՝ Եւդոկիոյ առաջնորդը՝ Կիրակոս եպիսկոպոս զինք քահանայ կը ձեռնադրէ եւ կը պաշտօնավարէ Սամաթիոյ (Սուլու մօնասթըրի) Ս. Գէորգի անուան եկեղեցւոյ մէջ։ Ան շուտով Աւագ քահանայ անուանուեցաւ։ Պոլսոյ լաւագոյն եւ սիրուած քարոզիչներէն մին էր ան, ասոր համար ալ իր լծակից քահանաները կը նախանձէին իրմէ։
1698-ական թուականներուն, հայոց մէջ վէճերը ծայր աստիճան սաստկացած էին։ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը դարձած էր կռուախնձոր ու մեծ մասով ինկած էր բախտախնդիր անարժան եկեղեցականներու ձեռքը։ Սակայն կային նաեւ արժանաւոր հոգեւորականներ։ Կարնեցի Խաչատուր վրդ. Առաքելեանը (1661-1740), Մխիթար վրդ. Սեբաստացին, Կոմիտաս Քէօմիւրճեան քահանան եւ ուրիշներ որոնք կը փայլէին իրենց քարոզներով եւ սրբակենցաղ վարքով։
Ասոնք սակայն ենթարկուեցան հալածանքներու։
1701-ին՝ Եփրեմ վրդ. Ղափանցին, օրուան եպարքովէն պատրիարքութիւնը ստանալէ ետք, սաստիկ հալածանք մը յարոյց այն հայ հաւատացեալներուն ու հոգեւորականներուն դէմ, որոնք բարեկամութիւն կը մշակէին լատին եկեղեցականներուն հետ, եւ անոնց պէս կ՝ընդունէին Քաղկեդոնի Ս. Ժողովը։
Անշուշտ անոնց մէջ (հալածուածներուն մէջ) էին Կարնեցի Խաչատուր վրդ. Առաքելեանը , Մխիթար վրդ. Սեբաստացին ու Կոմիտաս Քէօմիւրճեան քահանան. առաջին երկուքը երկար ժամանակ հետապնդուելէ ետք կրցան Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն հեռանալ. իսկ Տէր Կոմիտաս քահանան խոհեմութիւն համարեց Երուսաղէմ մեկնիլ սական դժբախտաբար տեղւոյն Հայոց վանքին մէջ ոչ միայն չգտաւ իր ակնկալած եղբայրական սէրն ու գուրգուրանքը, այլ առարկայ դարձաւ իր կարգակիցներու նախանձին եւ անորակելի վերաբերումին, գլխաւորութեամբ՝ Իզմիրցի Յովհաննէս վրդ.ին, որ եւ յետոյ որպէս պատրիարք՝ զինք պիտի յանձնէր այլազգի դատաւորին ձեռքը։
Երբ Տէր Կոմիտաս քահանայ Պոլիս վերադարձաւ մայրաքաղաքը աւելի խռոված գտաւ։ Իր ժամանումին լուրը շուտով տարածուեցաւ հայ ժողովուրդին մէջ։ Պատրիարքարանի մարդիկ ղրկեց որ զինք փնտռեն ու Կոմիտաս ինը ամիս պահուըտեցաւ իրեն ծանօթ տուներու մէջ։ Այդ օրերուն է որ ոտանաւորի վերծեց ՜՜Գործք Առաքելոց՝՝ գիրքը։
Կոմիտաս համոզուելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ ճշմարտութեան ընդգրկած էր անոր դաւանանքը եւ սկսած էր զայն քարոզել համարձակ, ինչ որ իր վրայ հրաւիրած էր մոլեռանդ անձերու ատելութիւնը։ Դատավարութեան ընթացքին, Կոմիտաս քահանայի իմաստուն եւ համարձակ պատասխանները հիացում պատճառեցին դատաւորին։
Սակայն հակառակորդները զինք ամբաստանեցին իբրեւ դաւաճան ու թշնամի թուրք պետութեան, ասոր համար դատաւորը զինք գլխատել կու տայ։
Կոմիտաս քահանայ կը նահատակուի 1707-ի Նոյեմբեր 5-ին։ Երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. քահանայապետը, 1929-ին, Կոմիտաս հայազգի քահանան կարգեց երանելիներու դասին։
Չշփոթենք Կոմիտաս քահանան, երաժիշտ Հայր կոմիտաս վարդապետին հետ, որ Մեծ Եղեռնի զոհերէն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.