2011-11-04 12:51:20

Յունաստանը Սնանկութեան Սեմին Կը Հրաժարի Հանրաքուէի Գաղափարէն ։


Յունաստանի վարչապետ Կէորկիոս Փափանտրէու մտադիր է իր հրաժարականը ներկայացնել եւ երկրի նախագահին առաջարկել ձեւաւորել ՝՝համախոհական կառավարութիւն մը՝՝ ։
Իսկ մասնակցելով ֆրանսայի Քանն քաղաքի մէջ կայացած 20 Երկիրներու Գերաստիճանին Յունաստանի վարչապետը հրաժարեցաւ Եւրոպական Միութեան առաջարկած հակաճգնաժամային թղթածրարին շուրջ հանրաքուէ կատարելու գաղափարէն,ինչպէս որ յայտարարած էր նախ քան :

Յունաստանի կառավարութիւնը փլուզման եզրին յայտնուեցաւ, երբ քանի մը նախարարներ յայտարարեցին, որ իրենք դէմ են Եւրոպական Միութեան առաջարկած հակաճգնաժամային թղթածրարը ընդունելու -չընդունելու հարցը հանրաքուէի ներկայացնելու վարչապետին ծրագիրին: Հարցախոյզները ցոյց կու տան, որ Յոյներուն մեծ մասը դէմ պիտի քուէարկէր այդ ծրագիրին,մեծ տագնապի մատնելով նոյնինքն Եւրոպան:
Թէեւ Փափանտրէու ըսաւ, որ չի հեռանար, սակայն համաձայն գտնուեցաւ ստեղծելու համախոհական կառավարութիւն մը, որ ընդդիմութեան պահանջն է: Վարչապետը յոյս ունի գոնէ այդ ձեւով փրկելու Եւրոպական Միութեան առաջարկած օգնութեան թղթածրարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.