2011-11-03 13:00:31

Ս. Երկրի Եպիսկոպոսները Միջկրօնական Երկխօսութեան Նոր Յանձնախումբ Մը կը Ստեղծեն, Ու Կը Շօշափեն Գաղթականներու Հարցը։


Ս. Երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսները Ամմանի մէջ ժողով գումարած են ու ստեղծած նոր յանձնախումբ մը, որուն նպատակն է՝ կապ հաստատել միաստուածեան ` հրեայ, քրիստոնեայ եւ մահմետական, երեք կրօներու միջեւ։
Նոյնպէս եպիսկոպոսները այս առթիւ խորհրդակցեցան գաղթականներու հովուութեան նիւթին մասին։ Երուսաղէմի լատին եկեղեցւոյ գնահտումով շուրջ 230 հազար գաղթական ու փախստական բանւորներ կը գործեն իսրայէլի մէջ։
Հուսկ եպիսկոպոսները ուսումնասիրեցին քրիստոնէական դաստիարակութեան հարցը Ս. Երկրին մէջ։
Յայտնենք որ ժողովին մասնակցած են Յորդանանի առաքելական դեսպանը գերապայծառ Լինկուան եւ Իսրայէլի մօտ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը գերապայծառ ֆրանգօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.