2011-11-03 12:51:27

Ռումանիայ - Արեւելեան Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսներու Հանդիպում։


Ռումանիոյ Օրատէա քաղաքի մէջ, 3- 6 նոյեմբեր, Արեւելեան ծէսի պատկանող եպիսկոպոսները իրենց տարեկան 14 րդ ժողովը կը գումարեն ՜՜միասնաբար խորհրդածելու <<նոր աւետարանացումի>> նիւթին մասին ու պատրաստուելու նոյն նիւթին շուրջ գումարուած 2012-ի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին։
<<Իմ վկաներս պիտի ըլլաք>> տիտղոսով համաժողովը պիտի ուսումնասիրէ նաեւ Եւրոպայի Արեւելեան ծէսի եկեղեցիներու նոր աւետարանացումը։ Եռօրեայ հանդիպումին ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց Նոր Աւետարանացումի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլա` Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Քարտուղար գերապայծառ Շիրիլ Վազիլ ու Ռումանիոյ մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ գերապայծառ ֆրանսիսքօ Ժավիէ Լոզանօ։
Աշխատանքային նիստերու բացման օրը` հինգշաբթի 3 նոյեմբերի յետ միջօրէի ժամը 16-ին ողջոյնի խօսք կ՛ուղղեն նաեւ՝ Ռումանիոյ կառավարութեան կրօնական գործերու քարտուղարը ու Օրատէայի քաղաքապետը։
Ռումանիոյ եպիսկոպսական դասի նախագահ՝ գերերջանիկ Լուչիան Մուրէշան պատրիարքը յայտարարած է թէ Արեւելեան ծէսի պատկանող կաթողիկէ եկեղեցիները եւս ունին կարեւոր դեր մը, ի տես 2012-ի սիւնհոդոսին եւ այս հանդիպումը չի ներկայացներ լոկ պատրաստողական նիստ մը այլ պիտի ուսումնասիրէ նաեւ այն մարտահրաւէրները որոնց դիմաց կը գտնուի եկեղեցին այսօր. մանաւանդ արագ յեղաշրջումի ենթարկուած աշխարհի մը մէջ մեր հաւատացեալներու պատասխաններ տալու պարտականութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.