2011-11-03 13:01:18

Կրօններու Երկխօսութեան 9-րդ Միջազգային Համագումարը Տոհայի Մէջ։


Հովանաւորութեամբ՝ Քաթարի իշխանին եւ կազմակերպութեամբ Տոհայի Կրօններու երկխօսութեան կեդրոնին, 23-27 հոկտեմբեր տեղի ունեցաւ Կրօններու երկխօսութեան 9-րդ միջազգային համագումարը, Տոհայի մէջ, Քաթար:
Միջազգային այս համագումարին մասնակցեցան աշխարհի 60 երկիրներէ եկած միաստուածեան երեք կրօններու` քրիստոնէութեան, իսլամութեան եւ մովսիսականութեան ներկայացուցիչներ` թիւով աւելի քան 242 հոգի: Սոյն համագումարին հրաւիրուած էր նաեւ՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի անդամ՝ Սեպուհ արք. Սարգիսեան ներկայացնելով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:
Համագումարին բացումը կատարեց Քաթարի արդարութեան նախարար շէյխ Հասան Պըն Ապտալլա Ղանեմը, որ յանուն Քաթարի իշխանին եւ կառավարութեան ողջունեց ներկաները, յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն, ապա շեշտեց անհրաժեշտութիւնը նման համագումարներուն, որոնք քով-քովի կը բերեն միաստոածեան կրօններու հոգեւոր առաջնորդներն ու մտաւորականները, որպէսզի միասնաբար խորհրդածեն, նոր միջոցներ գտնելու, զանազան կրօններու հետեւորդներու մերձեցման ու համատեղ գործակցութեան համար:
Համաժողովի առաջին օրուան դասախօսներէն մին էր Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ ներկայացուց «Զանգուածային լրատուամիջոցներ իբրեւ հաղորդակցութեան նոր լեզու կրօններու երկխօսութեան մէջ» նիւթը:








All the contents on this site are copyrighted ©.