2011-11-03 13:04:04

Էջմիածինը Որպէս Կանաչ Ուխտատեղի.


Միջկրօնական Հանդիպում Իտալիոյ Ասիզի քաղաքի Մէջ։
Հոկտեմբեր 31 էն մինչեւ 2 նոյեմբեր, Իտալիոյ Ասիզի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Բնապահպանութիւնն ու կրօնները» միջազգային-միջկրօնական կազմակերպութեան «Կանաչ Ուխտատեղիներու ցանց» կազմակերպութեան հանդիպումը, հովանաւորութեամբ՝ Անգլիոյ Ֆիլիպ Իշխանին, մասնակցութեամբ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած քրիստոնեայ, մահմետական, հրեայ, հինտու, Պուտտայական եւ այլ կրօններու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու:
Հաւաքը, որը կը տօնախմբէր բնութեան և շրջակայ միջավայրի պահպանութեան նպատակով 1986 -ին Ասիզիի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի մեծագոյն կրօններու առաջնորդներու առաջին հանդիպման Յոբելեանը, ունէր որպէս նպատակ խթանել Կանաչ ուխտագնացութիւնը, նոր ուղիներ փնտռել և կապեր հաստատել համատեղ ծրագիրներու: Միջկրօնական աղօթքէ ետք նոյեմբեր 1-ին և 2-ին հաւաքի մասնակիցները լսեցին բանախօսութիւններ <<Կանաչ ուխտատեղի>> թեմայով, ներկայացուեցան ծրագիրներ ու այս ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքներ: Որպէս Կանաչ Ուխտատեղի ծրագիրներու միջոցառումներու մասնակիցները, արժանացան կազմակերպութեան յատուկ վկայականի` ձեռամբ Քենթի իշխանուհիին:
Նշենք թէ Հայաստանյայց Առաքելական Եկեղեցիէն ու Էջմիածնի քաղաքապետարանէն մասնակցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրանսենեակի պատասխանատու՝. Յովակիմ եպ. Մանուկեան, Կլոր Սեղան բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն դոկտ. Կարէն Նազարեան եւ Էջմիածնի քաղաքապետարանի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Սամուէլ Մաճոյեսն, որոնք մասնակիցներուն ներկայացուցին <<Էջմիածինը որպէս կանաչ ուխտատեղի>> համալիր ծրագիրը:











All the contents on this site are copyrighted ©.