Աշխարհի Ամենահարուստ Հայը 18 Միլիոն Տոլար Նուիրած է Անտրէ Աղասիի Թենիսի Դպրոցին.
Աշխարհի ամենահարուստ հայը, ամերիկահայ միլիառատէր Քըրք Քըրքորեան 18 միլիոն տոլար նուիրած
է Լաս Վեկասի մէջ գտնուող հայ աշխարհահռչակ թենիսիտ Անտրէ Աղասիի հիմնած նախապատրաստական
ակադեմիային: Սա խոշորագոյն նուիրատւութիւնն է Աղասիի Կրթութեան հիմնադրամի 16ամեայ պատմութեան
մէջ(կը հաղորդէ Education Week-ը): Այս տարիներու ընթացքին Աղասիի բարեգործական հիմնադրամը
150 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն ստացած է: Քըրք Քըրքորեան Աղասիի ընտանիքի հին
բարեկամ է,եւ շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունի Անտրէ Աղասիի հետ, որու միաժամանակ կնքահայրն
է ան: