2011-11-02 13:06:56

Հնդկաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ-ի Յուշահամալիր-ը։


Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելքի հարցերով Քարտուղար Սանճայ Սինկը:
Սանճայ Սինկ ընդգծեց, որ Հնդկաստանի մէջ առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը վերաբերին Հայաստանին ու Հայ ժողովուրդին նկատմամբ եւ երկրին իշխանութիւնները նպատակադրուած են ընդլայնել՝ Հայաստանի հետ բարեկամական գործընկերութիւնը եւ համագործակցութիւնը:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին, որ անցեալ տարի Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հնդկաստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին գոյացած համաձայնութիւնները՝ արդէն կ՛իրագործուին:
Միշտ երէկ, աւելի կանուխ, Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ: Հնդկական Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Յուշարձան եւ Թանգարան:

Նոյն օրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Հնդկաստանի կառավարութեան միջեւ Գիտութեան եւ Արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ 2012-2015 թուականներուն համագործակցութեան մասին Ծրագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.