2011-11-02 13:02:52

ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը.
՜՜Ննջեցելոց Օրը՝՝ Նիւթի Մասին։


Նորին Սրբութեան կոչը աշխարհի 20 մեծերու հանդիպումին առթիւ։
Չորեքշաբթի 2 նոյեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Լատին եկեղեցւոյ համար 2 նոյեմբերը ''օր մեռելոց'' է, ասոր համար Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Յաւիտենական Կեանքի Յոյսի վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մէկ նոյեմբերին տօնախմբելէ ետք ''ամենայն սրբոց օրը'' 2 նոյեմբերին եկեղեցի կը ոգեկոչէ ''ամենայն ննջեցելոց օրը''։ Այս երկու յիշատակումները մեզի կ'ըսեն թէ՝ միմիայն ան որ մահուան մէջ մեծ յոյս ունի, կրնայ յոյսով կեանք մը ապրիլ ։ Մարդ արարածը յաւիտենականութեան պէտք ունի, եւ անոր գոյութիւնը միայն ՜՜Աստուծոյ Սիրոյ՝՝ մէջ կը բացայայտուի։
Աստուած ինքզինք յայտնեց իր Միածին Որդիին միջոցաւ եւ ով որ հաւատայ իր Որդիին յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ։
Յիսուս ըսաւ ես եմ կեանքը ու յարութիւնը։
Յիսուս իր խաչելութեամբ ու մահով յաղթեց մահուան ու յաւիտենականութեան դուռը բացաւ մեզի։ Յարուցեալ Քրիստոսը մահուան ժամուն մեզի նեցուկ կը կենայ եւ մենք կարող ենք անվախ վստահիլ Անոր։
Մի վախնաք ապրիլ այս մեծ յոյսը եւ զայն հռչակել համայն աշխարհին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ խրախուսեց զանոնք ըսելով ՜՜Յարութեան հաւատքով ամրապնդուած դուք պիտի կարողանաք դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները յաւիտենական կեանքի յոյսով։Թող Տէրը ամէնքդ օրհնէ՝՝։
Ունկնդրութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ 3 եւ 4 նոյեմբերին աշխարհի 20 մեծերու գերաստիճանին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ ֆրանսայի Գան քաղաքը։ Աշխարհի 20 մեծերու նախագահներն ու վարչապետները ֆրանսայի գան քաղաքը պիտի ժողովին քննարկելու համաշխարհային տնտեսութեան հայող գլխաւոր հարցերու մասին։ Մաղթանքս է որ այս հանդիպումը նպաստէ գերազանցելու դժուարութիւնները, որ համաշխարհային գետնի վրայ, արգելք կը հանդիսանան մարդկային ճշմարիտ բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.