2011-11-02 13:07:13

Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Դարձեալ Կը Ձերբակալէ Ընդդիմադիր Թուրք-Հրատարակիչ Ռակըբ Զարաքօղլու-ն եւ Համալսարանի Դասախօս Տիկին Պիւշրա Էրսանլը-ն։


ՊՈԼԻՍ/ «Մարմարա»: Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Քրտական հարցերով Թուրքիոյ պետական դիրքորոշումներուն ընդդիմացող եւ անոնց մասին զանազան հրատարակութիւններ կատարած թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու (Շաբաթ) Հոկտեմբեր 29ին դարձեալ ձերբակալուեցաւ, այս անգամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կապեր ունենալու ամբաստանութեամբ: Պոլսոյ դատախազին հրահանգով, ձերբակալուեցան բազմաթիւ այլ մտաւորականներ եւս ինչպէս Մարմարա Համալսարանի Դասախօս Փրոֆ.Տոքթ. Պիւշրա Էրսանլը։ Միւս կողմէ Զարաքօլուի զաւակը՝ Տենիզ, աւելի կանուխ նման ամբաստանութեամբ մը արդէն ձերբակալուած էր:
Թուրքիոյ Հրատարակիչներու միութիւնը, Մարդկային Իրաւունքներու Միութիւնը եւ Ժամանակակից Իրաւագէտներու միութիւնը հաղորդագրութիւններ հրատարակեցին ու պահանջեցին, որ Զարաքօլու անմիջապէս ազատ արձակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.