2011-11-01 12:51:02

Սրբազան Քահանայապետին Նոյեմբեր Ամսուայ Աղօթքի Դիտաւորութիւնները


Նոյեմբեր ամսուայ համար, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական դիտաւորութիւն` աղօթել Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու համար, որպէսզի անոնց մեծարժէք աւանդութիւնը ճանչցուի եւ գնահատուի, որպէս համայն եկեղեցւոյ հոգեւոր հարստութիւն։
Ապա Նորին Սրբութիւնը առաջարկած է որպէս առաքելական դիտաւորութիւն՝ որ Ափրիկեան ցամաքասը Քրիստոսի մէջ գտնէ ուժը իրականացնելու հաշտութեան եւ արդարութեան այն ուղեւորութիւնը որուն մասին ակնարկուած էր Ափրիկէի Եպիկոպոսներու Սիւնոտոսի ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.