2011-11-01 12:53:45

Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրած են։


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներ՝ 2010-2011 կրթական տարեշրջանի Լիբանանեան պաքալորէայի պետական քննութիւններուն հայկական վարժարաններուն մէջ, այս տարի եւս արձանագրած է գնահատելի եւ պատուաբեր արդիւնքներ։ Արդարեւ Ընդհանուր Գիտութեան մէջ առաջինը հանդիսացած է Մեսրոպեանցի Սագօ Հալլաճեանը, իսկ Գրականութեան բաժինին մէջ` Ռիթա Ֆերմանեանը, իսկ Կենսաբանութեան բաժինին մէջ «լաւ» յիշատակութեան արժանացած է Փաթիլ Մարսիմը:
Արդիւնքները հաստատուած են, Զաւարեան Ուսանողական միութեան կազմակերպած՝ պարգեւատրման հանդիսութեան ընթացքին այն ուսանողներուն որոնք պաքալորէայի գերազանց նիշ ապահոված են. ասիկա քաջալերական եւ մեծապէս գնահատանքի արժանի աւանդութեան վերածուած ձեռնարկ մըն է: Այս պարգեւատրեալ ուսանողներու, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն գործակցութեամբ, նուիրումով եւ հաւաքական աշխատանքով Մեսրոպեան վարժարանը կը մնայ բարձր մակարդակի վրայ, որ բարձրագոյն ու բարձրորակ ուսման եւ հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութեան ջամբման հայաշունչ կառոյցն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.