2011-11-01 12:50:52

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ամենայն Սրբոց Տօնին Օրուայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը ։


Երեքշաբթի մէկ Նոյեմբեր 2011, տօն Անենայն Սրբոց ըստ լատինաց։
Ամենայն Սրբոց տօնը հաստատուած է Պոնիֆակիոս Դ. պապի կողմէ 608 թուին Հռոմի մէջ, երբ ան նուիրագործելով Պանթէոնը զայն նուիրեց Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին ու բոլոր Նահատակներուն եւ սուրբերուն։

Երեքշաբթի մէկ նոյեմբերի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած՝ հազարաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Ամենայն Սրբոց տօնը մեզ կը մօտեցնէ բոլոր անոնց որոնց Աստուած արժանացուց իր լոյսին։
Այս օրուան ընթացքին յիշենք թէ մենք եւս սրբութեան ձգտող ուղեւորներ ենք։ Մեզմէ ամէն մէկուն մէջ կը շողայ Աստուծոյ լոյսի նշոյլը զոր ստացանք մկրտութեամբ։ Մտիկ ընենք երանութիւններուն, որով Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ ինչպէս կարելի է ընթանալ երկինք տանող ճանապարհի վրայ, որպէսզի մենք ալ կարենանք բաժնեկցիլ համայն Սուրբերու ուրախութիւնը Աստուծոյ հետ ապրելով։
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառձաւ լատին եկեղեցւոյ նոյեմբեր 2-ի յիշատակած Օր Մեռելոցին ու ապա հաւատացեալներու ուղեւորութիւնը յանձնելով Սուրբ կոյս Մարիամին` բոլոր սուբերու թագուհիի հովանիին, Անոր մայրական բարեխօսութիւնը հայցեց ննջեցեալներուն հոգւոյն համար ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը հուսկ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.